«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Յունուար 2-ին Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Վ. Աթաբեկեանը հանդիպում ունեցաւ երկրի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Եաքուպ Սարաֆի հետ։
Հանգամանալից անդրադարձ կատարուեցաւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերով գործակցութեան ընթացիկ իրավիճակին եւ հեռանկարներուն։ Երկու երկիրներուն մէջ կառավարութիւններու վերջնական ձեւաւորման ընդառաջ որոշուեցաւ ստեղծել ժամանակաւոր յանձնախումբ՝ ՀՀ կառավարութեան եւ Լիբանանի կառավարութեան միջեւ ռազմական բնագաւառին մէջ գործակցութեան մասին համաձայնագիրը աշխատանքային կարգով ամբողջականացնելու եւ հետեւողականօրէն կեանքի կոչելու նպատակով։
Լիբանանի պաշտպանութեան նախարարը յաջողութիւններ մաղթեց ՀՀ նորանշանակ դեսպանին իր դիւանագիտական առաքելութեան մէջ՝ խոստանալով համակողմանի աջակցութիւն հայ-լիբանանեան բարեկամական յարաբերութիւններուն նոր որակ հաղորդելու համար։






