«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի հանդէս եկաւ առաջարկելով, որ ժամանակաւորապէս գործող կառավարութիւնը անյապաղ հաստատէ ընթացիկ տարուան պետական պիւտճէն՝ փոխանակ սպասելու նոր նախարարաց խորհուրդի կազմաւորման: Այս մասին լրագրողներուն ըսաւ երեսփոխան Ալի Պազի Պըրրիի Այն Ալ Թինէի նստավայրին մէջ, խորհրդարանի նախագահի եւ օրէնսդիրներու շաբթական դրութեամբ հանդիպումէն ետք:
«Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի խօսեցաւ 2019 թուականի պետական պիւտճէն վաւերացնելու նպատակով ժամանակաւորապէս գործող կառավարութեան հանդիպումի հաւանականութեան մասին»,- աւելցուց երեսփոխան Ալի Պազի:






