«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արցախի պաշտպանութեան բանակի զինուորական անձնակազմի Ամանորն ու Սուրբ ծնունդը շնորհաւորելու նպատակով Արցախ ժամանած ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը ԱՀ ՊՆ, ՊԲ հրամանատար Կարէն Աբրահամեանի ուղեկցութեամբ Դեկտեմբեր 31-ին եղած է ՊԲ շարք մը զօրամասերու մշտական տեղակայումի վայրերը եւ առաջնային գիծին վրայ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, որ նախքան անձնակազմի հետ հանդիպիլը, հայկական երկու Հանրապետութիւններու ռազմական գերատեսչութիւններու ղեկավարները մասնակցած են Արցախի հարաւային սահմանահատուածին մէջ տեղի ունեցած «Սահմանապահ խաչքարի» բացումին հանդիսաւոր արարողութեան, այնուհետեւ եղան մարտական յենակէտերու վրայ:
Դիրքապահ անձնակազմի հետ ունեցած շփումներուն ընթացքին պաշտպանութեան նախարարներն ու անոնց ուղեկցող բարձրաստիճան զինուորական եւ քաղաքացիական պաշտօնեանները ջերմօրէն շնորհաւորած են մարտական հերթապահութիւն կրող զինծառայողներու Նոր տարին եւ յանձնած են ամանորեայ նուէրներ, միաժամանակ հետաքրքրուած են առկայ մարտավարական իրավիճակով:
Շրջայցի ընթացքին նախարարները եղած են նաեւ ՊԲ կեդրոնական ենթակայութեան շարք մը զօրամասեր, այդ կարգին՝ Ստեփանակերտի կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց, ուր հանդիպած են բուժումի մէջ գտնուող զինուորներուն եւ անոնց մաղթած արագ եւ լիարժէք ապաքինում:






