«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Յունուար 2-ին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանը։
Ինչպէս կը հաղորդէ«Արմէնփրես»-ը, ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ առանձնազրոյցէն ետք հանդիպումը շարունակուած է ընդլայնուած կազմով։
Բակօ Սահակեանը երախտագիտուգիւն յայտնած է Արա Պապլոյեանին՝ իր պաշտօնավարման ժամանակաշրջանին
Արցախին յատուկ ուշադրութիւն դարձնելուն, հայկական երկու Հանրապետութիւններուն միջեւ կապերը ամրապնդելուն համար՝ իրեն մաղթելով յաջողութիւններ ու ամենայն բարիք:
Նախագահը Արցախի Հանրապետութեան մատուցած ծառայութիւններուն համար Արա Պապլոյեանը պարգեւատրած է «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով։
Հանդիպումին ներկայ էին Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, նախարար Կրիկորի Մարտիրոսեանը, պաշտօնատար այլ անձինք:






