Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Ժամանակաւորապէս Գործող Կառավարութիւնը Պէտք Է Հաստատէ Ընթացիկ Տարուան Պետական Պիւտճէն. Պըրրի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի հանդէս եկաւ առաջարկելով, որ ժամանակաւորապէս գործող կառավարութիւնը անյապաղ հաստատէ ընթացիկ տարուան պետական պիւտճէն՝ փոխանակ սպասելու նոր նախարարաց խորհուրդի կազմաւորման: Այս մասին լրագրողներուն ըսաւ երեսփոխան Ալի Պազի Պըրրիի Այն Ալ Թինէի նստավայրին մէջ, խորհրդարանի նախագահի եւ օրէնսդիրներու շաբթական դրութեամբ հանդիպումէն ետք:
«Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի խօսեցաւ 2019 թուականի պետական պիւտճէն վաւերացնելու նպատակով ժամանակաւորապէս գործող կառավարութեան հանդիպումի հաւանականութեան մասին»,- աւելցուց երեսփոխան Ալի Պազի: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին