«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ֆրանսայի հիւսիսը «դեղին բաճկոններու» բողոքի ցոյցի շուրջ 10 մասնակից ձերբակալուած է: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, այս մասին կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»ն:
Ֆրանսայի մէջ պենզինի թանկացումներուն դէմ «դեղին բաճկոններու» բողոքի լայնամաշտաբ ցոյցեր տեղի կ’ունենան Նոյեմբերէն: Ցոյցերը կ’ուղեկցուին անկարգութիւններով եւ ցուցարարներու ու իրաւապահներու բախումներով:
Այս ընթացքին անոնց մասնակցած է աւելի քան 100 հազար մարդ: