«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Պելառուսը Ռուսիոյ կազմին մէջ ընդգրկելու որեւէ ծրագիր գոյութիւն չունի: Իսկ երկու երկիրներու ներգրաւուածութեան փուլերը պարզ գրուած են Միութենական պայմանագիրին մէջ: «Արմէնփրես»ի փոխանցմամբ, ինչպէս կը հաղորդէ «Ինթերֆաքս»ը, այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը։
«Այստեղ պէտք է յիշել 1999 թուականի փաստաթուղթը, որուն հիման վրայ Ռուսիան եւ Պելառուսը դարձան Միութենական պետութիւն»,- ըսած է Փեսքովը:
Պելառուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն Դեկտեմբեր 14ին կարծիք յայտնած էր, որ «խոր ներգրաւուածութեան» անուան տակ Մոսկուան կը ցանկայ Պելառուսը ներառել Ռուսիոյ կազմին մէջ: