Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

Ոչ եւս է Յովհաննէս Փիլիկեան (1942-2018)

Լոնտոնի մէջ իր մահկանացուն կնքած է բեմադրիչ, թատերագէտ, թարգմանիչ, բանաստեղծ եւ լեզուաբան փրոֆ. Յովհաննէս Փիլիկեանը։

1963ին կ’աւարտէ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը (AUB), ապա կը մեկնի Լոնտոն՝ ուսումը շարունակելու, ուր կը մասնագիտանայ թատերական արուեստին մէջ։

Բեմադրած է բազմաթիւ գործեր, յատկապէս յունական դասական ողբերգութիւններ, ինչպէս՝ Սոֆոկլէսի «Էտիպ Արքայ»ն, Ռասինիի«Ֆետրա»ն, Շէյքսփիրի «Լիր Արքայ»ն, Շիլլերի «Աւազակներ»ը, Էսքիլէսի «Ագամեմնօ»ն եւ մօտ 40 այլ փիեսներ։

1985ին Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան կողմէ կը ստանայ «Պետրոս Ադամեան» մրցանակը։

2011ին լոյս կը տեսնէ Փիլիկեանի վերջին գիրքը՝ «A Study of the Origins of the HAI the First People»ը։

2012ին Երեւանի մէջ լոյս կը տեսնէ «The Sea Scene on my Mother’s Day» պոէմը, որ թարգմանուած է 19 լեզուներու։

Աստուած հոգին լուսաւորէ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին