«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանեան բանակը երէկ զգուշացուց քաղաքացիները, որ ձեռնպահ մնան ամանորեայ տօնին առիթով ցնծութեան հրավառութենէ եւ վերահաստատեց, որ այս տօնական շրջանին խիստ քայլերու պիտի դիմէ երկրի տարածքին ապահովութիւնը պահպանելու համար:
«Բանակի զանազան ստորաբաժանումներ այս տօնական շրջանին երկրի ապահովութեան պահպանման ուղղութեամբ ծրագրած են խիստ քայլերու դիմել»,- ըսուած է բանակի յայտարարութեան մէջ՝ շեշտելով, որ իրաւական միջոցներու պիտի ձեռնարկեն այն անձերուն դէմ, որոնք օդը կրակոց կ’արձակեն ամանորեայ տօնը նշելու նպատակով: