Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

Ժաաժաա Կոչ Կ’ուղղէ Աունին Եւ Հարիրիին՝ Խորհրդարան Ուղարկելու Նոր Կառավարութեան Կազմաւորման Հրամանագիրը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան առաջնորդ Սամիր Ժաաժաա կոչ ուղղեց նախագահ Միշէլ Աունին եւ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիին՝ բեկումնային յառաջընթաց արձանագրելու նոր կառավարութեան կազմաւորման մէջ եւ վերջինիս մասին հրամանագիր մը ստորագրելու եւ զայն ուղարկելու խորհրդարան՝ ի հեճուկս անլոյծ խնդիրներու:
Շաբաթ երեկոյեան Մաարապի մէջ ընթրիքի ժամանակ Ժաաժաա ըսաւ, որ նախագահ Միշէլ Աուն եւ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի պէտք է վերջ տան կառավարութեան կազմաւորման մէջ առկայ փակուղիին եւ ստորագրեն նախարարաց խորհուրդի նոր պաշտօնէութեան մասին հրամանագիր մը, որ իրենք անձնապէս յարմար կը նկատեն՝ հակառակ կուսակցութիւններու հակասական պահանջներուն: Այս մասին կը հաղորդէ ազգային լրատուական գործակալութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին