Ա․ Ընկերային Բարգաւաճման Ծրագրին Հետեւող Տիկիններու Տօնակատարութիւն
Հինգշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2018-ին Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութեան Ընկերային Բարգաւաճման ծրագրին հետեւող անդամներու ամանորեան տօնակատարութեան օրն էր։ 350 հայ տիկիններ, որոնք շաբաթական դրութեամբ կը հետեւին հաստատութեան կազմակերպած դասախօսական շարքերուն, հաւաքուած էին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-եռագոյն» սրահ՝ միասնաբար տօնելու ամանորեան եւ Ս․ ծննդեան տօնը։
Տօնակատարութեան ներկայ էին նաեւ Ազգային առաջնորդարանի ներկայացուցիչ հայր Անանիա ծ․վրդ․ Գուճանեան եւ դիւանապետ Ռաֆֆի Տէմիրճեան։
Յայտագիրը սկսաւ ծրագրի պատասխանատու Քրիստին Սարգիսեանի բացման խօսքով։ Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ անդրադարձաւ, որ այս հաւաքը խմբակներու՝ 19 տարիներու վրայ երկարող ծրագիրի մը արդիւնքն է․ ներկաներուն մեծ մասը վերջին տարիներուն միացած է խումբին, ուրիշներ 19 տարի միասնաբար բաժնեկից դարձած են իրենց ուրախ թէ տխուր ժամերուն որպէս մէկ ընտանիքի անդամներ։ Ան շեշտեց, որ մինչ ներկաներէն մաս մը որպէս գաղթականներ հասած են Լիբանան՝ փախուստ տալով Սուրիոյ պատերազմէն․ բոլորս ալ որպէս մարդ արարածներ ժամանակի գաղթականներ ենք եւ պէտք չէ կառչինք ներկային, այլ այն արժէքներուն, զորս մեր նախահայրերը փայփայած են որպէս սրբութիւններ եւ փոխանցած են մեզի։
Բացման խօսքէն ետք բեմ բարձրացան փոքրիկներ Մարիա-Ճեսիքա Հաշոլեան եւ Հրակ Մամիկոնեան, որոնք հերթաբար Ս․ ծննդեան նուիրուած երգերով եւ ասմունքներով փոխանցեցին օրուան խորհուրդը։ Ապա հայր Անանիա Գուճանեան գնահատեց ներկաները, որոնք որպէս մէկ մեծ ընտանիքի անդամներ շաբաթական դրութեամբ կը հաւաքուին եւ կը մասնակցին հաստատութեան ծրագիրներուն: Ան քաջալերեց, որ անոնք իրենց կեանքի դրական դէպքերուն վրայ կեդրոնանան եւ յառին բարիին եւ գեղեցիկին՝ անտեսելով անցնող տարիներու ժխտական երեւոյթները։ Ան բոլորին մաղթեց առողջութիւն եւ յարատեւ վերելք։
Մթնոլորտը ճոխացուց Գարակէօզեան հաստատութեան հարազատ բարեկամ Արարատ Ահարոնեանը, որ իր երգերով ուրախութիւն ներշնչեց բոլորին։
Կաղանդ Պապուկին այցելութենէն ետք յայտագիրը վերջ գտաւ Արին Մարգարեանի «Խորհուրդ մեծ» եւ «Այսօր տօն է Սուրբ ծննդեան» գեղեցիկ շարականներով։
Բ․ Աշակերտական Տօնակատարութիւններ
1․ «Թաուլէ» ճաշարանի տնօրէնութեան հրաւէրով՝ Ուրբաթ, 14 Դեկտեմբեր 2018-ին Ընկերային Բարգաւաճման ծրագրի հետեւող տիկիններու 150 փոքրիկները հրաւիրուեցան «Թաուլէ» ճաշարանը եւ ունեցան իրենց ամանորեան ճաշը։
2․ Ուրբաթ, 21 Դեկտեմբեր 2018-ին Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան երկրդ․ վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գարակէօզեան հաստատութեան սերտարանի ծրագրի աշակերտներուն ամանորեան հաւաքը։
Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին սերտարան յաճախող 70 աշակերտներ իրենց ուսուցիչներուն ներկայութեամբ։
Տեղի ունեցաւ ամանորեան կոկիկ յայտագիր, խաղեր եւ աւարտին այցելեց կաղանդ պապուկը եւ բաժնեց նուէրներ։
Յայտագիրը վերջ գտաւ հաւաքական ճաշով տրամադրուած «ԺՊԻՏ» բարեսիրական հաստատութեան տիկիններու կողմէ։
3․ Հինգշաբթի, 27 Դեկտեմբեր 2018-ին Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան երկրդ․ վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գարակէօզեան հաստատութեան Ընկերային Բարգաւաճման ծրագրին հետեւող տիկիններու փոքրիկներուն ամանորեան հաւաքը։
Հաւաքին ներկայ էին 150 փոքրիկներ։
Երգերու, ասմունքներու եւ խաղերու աւարտին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի կազմակերպութեամբ 50 Կաղանդ պապուկներ այցելեցին եւ տօնական երգերով ու պարերով ուրախացուցին մանուկները։
Ապա աշակերտները ունեցան հաւաքական ճաշ տրամադրուած «ԺՊԻՏ» բարեսիրական հաստատութեան տիկիններու կողմէ։
Յայտագիրը վերջ գտաւ Գարակէօզեան հաստատութեան Կաղանդ պապուկի այցելութեամբ, որ բաժնեց նուէրները։
Գ․Չորեքշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2019-ին «Դրական կարգապահութիւն-ծնողավարութիւն» ծրագրի դասընթացքին հետեւող 22 մայրերը եւս ունեցան իրենց ամանորեան տօնակատարութիւնը։