«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիան կը շարունակէ հետեւողականօրէն զինասարք կուտակել Սուրիոյ հետ սահմանին:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները:
Տեղեկութեան համաձայն՝ թրքական կողմը կը շարունակէ տակաւին երեք-չորս օր առաջ սկսած զինասարքի տեղաշարժերը, մասնաւորապէս թրքական Հաթայ, Քիլիս եւ Այնթապ նահանգներէն զրահապատ մեքենաներ եւ հրասայլեր կը տեղափոխուին Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները:
Թրքական զինասարքը կը տեղաշարժի դէպի սուրիական Մանպիճ եւ Թել Ռըֆաթ շրջանները, ուր, թրքական իշխանութեան յայտարարութիւններուն համաձայն, ռազմական նոր գործողութիւններ պիտի իրականացուին քիւրտ զինեալներու դէմ: