«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սուրիական բանակի ծառայողները շուտով վերահսկողութեան տակ կ’առնեն Մանպիճը «Դեմոկրատական Սուրիոյ ուժերու» քիւրտ մարտիկներու հետ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը՝ վկայակոչելով «ԹԱՍՍ»ը, այս մասին կը հաղորդէ «Al-Masdar»ը:
«Al Mayadeen» հեռուստաալիքի տեղեկութեան համաձայն՝ տեղի բնակիչները ողջունած են Մանպիճի եւ անոր շրջակայքի փոխանցումը Սուրիոյ իշխանութեան հսկողութեան, բարձրացուած է սուրիական դրօշը:
Աւելի կանուխ, Սուրիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարակազմի ներկայացուցիչը յայտնած էր, որ Սուրիոյ զօրքերը վերահսկողութեան տակ առած են Հալէպի 85 քմ դէպի հիւսիս գտնուող տարածքը: «Սուրիոյ արաբական բանակի զինուորները մտած են Մանպիճ՝ ի պատասխան բնակչութեան կոչին, ինչպէս նաեւ երկրի ամբողջ տարածքին վրայ պետական ինքնիշխանութեան վերականգնումի իրենց պարտականութիւններուն համաձայն»,- կը հաղորդէ «ՍԱՆԱ»ն:
ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի՝ Դեկտեմբեր 19ին հրապարակած որոշումէն ետք սկսած է ամերիկեան զօրքերու դուրսբերումը Սուրիայէն։ Թուրքիան սկսած է նախապատրաստական աշխատանքներ կատարել՝ քրտական ուժերուն դէմ նոր ռազմական գործողութիւններու համար: