Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

Նիկոլ Փաշինեան Ընդունած Է Կենսաթոշակի Անցած Նախկին Զինծառայողները

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է զինուորական կենսաթոշակի անցնելու կապակցութեամբ զինուորական ծառայութենէն սահմանուած կարգով արձակուած նախկին խումբ մը զինծառայողներ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ վերջիններս Նիկոլ Փաշինեանին ներկայացուցած են իրենց դիտարկումներն ու առաջարկները՝ կառավարութեան ընդունած որոշումին հետ կապուած, որով կը նախատեսուի պաշտպանութեան նախարարութեան յատկացնել 5 միլիառ 705 մլն դրամ՝ զինուորական ծառայութեան ընթացքին որպէս բնակարանային պայմաններու բարելաւման կարիք ունեցող հաշուարկուած, սակայն ծառայութեան ընթացքին անհատոյց բնակարան չստացած նախկին զինծառայողներուն որպէս պետական աջակցութիւն բնակարան ձեռք բերելու նպատակով տրամադրելու համար:

Կը նախատեսուի շահառուներու գրաւոր համաձայնութեան պարագային իւրաքանչիւրին տրամադրել 2 տարի մարման ժամկէտով եւ միջինը 5,000,000 դրամ արժէքով բնակարան գնելու վկայագիր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին