«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մէջ, տարածուած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ պատրաստուած յուշագիրը՝ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան ընթացքին անյայտ կորածներու հարցին շուրջ։
Փաստաթուղթը հրապարակուած է ՄԱԿ-ի պաշտօնական կայքէջին վրայ:
Յուշագիրին մէջ, մասնաւորապէս կը նշուի, որ Ատրպէյճանի եւ Արցախի միջեւ հակամարտութեան ընթացքին անյայտ կորածներու հարցը ծագած է 1991-ին Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ պատերազմէն շատ աւելի առաջ. դեռ 1988-1989թթ. տեղի ունեցած էին պատանդառութեան եւ առեւանգման առանձին դէպքեր, եւ յետագային, հակամարտութեան լարման հետ կապուած, պատանդներու եւ անյայտ կորածներու խնդիրը աւելի սրուեցաւ։ Հայերը պատանդ վերցնելու փորձը լայն կերպով տարածուած էր յատկապէս 1991-ի Արցախի հայկական բնակավայրերու տեղահանման «Օղակ» գործողութեան ժամանակ:
«Մարդոց առեւանգումները տեղի կ՝ունենային Արցախի ամբողջ տարածքին, որմէ ետք անոնք կը յայտնուէին ատրպէյճանական բանտերու եւ կալանավայրերու մէջ, ուր կ՝ենթարկուէին դաժան խոշտանգումներու եւ անմարդկային վերաբերմունքի:
Միայն 1991-ի ութ ամիսներուն ընթացքին՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ՝ Արցախի տարբեր գիւղերէ 640 խաղաղ բնակիչ անօրինական կերպով ձերբակալուած կամ գերեվարուած է: 127 հայ՝ կեղծ մեղադրանքներով՝ դատապարտուած է տարբեր ժամկէտներով ազատազրկման, որոնցմէ 31-ը մահացած է կանոնաւոր բնոյթ կրող խոշտանգումներու հետեւանքով»,- նշուած է փաստաթուղթին մէջ:
Յուշագիրով նաեւ կը ներկայացուին բազմաթիւ փաստեր՝ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան ընթացքին եւ 1994-ի հրադադարի մասին համաձայնագիր ստորագրուելէն ետք ատրպէյճանական կողմէն հայ պատանդներու եւ ռազմագերիներու նկատմամբ խոշտանգումներու իրականացման վերաբերեալ։
Փաստաթուղթին մէջ նաեւ կը նշուի, որ բարձրացնելով անյայտ կորածներու հարցը եւ, միեւնոյն ժամանակ, հրաժարելով անոր լուծման համար որեւէ համագործակցութենէ, Ատրպէյճանը ակնյայտօրէն կը հետապնդէ քօղարկուած նպատակներ:
Մասնաւորապէս, ատրպէյճանական կողմը կը փորձէ շահարկել ռազմագերիներու եւ անյայտ կորածներու հարցերը՝ Ատրպէյճանի քաղաքացիներ Տիլհամ Ասգերովի եւ Շահպազ Կուլիեւի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան տարածքին կատարուած յանցագործութիւնները արդարացնելու նպատակով:
Այս արշաւը հանրային կեանքի բոլոր ոլորտները ներառող պետական քաղաքականութեան մէկ մասն է, որ ուղղուած է հայատեացութեան հրահրման ու հայերու դէմ յանցագործութիւններու խրախուսման: Ատրպէյճանի մէջ հայերու նկատմամբ ռասիզմն ու այլատեացութիւնը հաստատուած է նաեւ շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու փաստաթուղթերով: