Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

Հայկական Երկու Հանրապետութիւններու Յարաբերութիւնները Պէտք է Ամենաբարձր Մակարդակի Վրայ Ըլլան. Աշոտ Ղուլեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ անցնող տարուան ընթացքին շարունակած է աշխատանքը միջխորհրդարանական կապերը ընդլայնելու ուղղութեամբ:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ այս մասին, այսօր կայացած մամուլի ասուլիսի մը ժամանակ ըսած է ԱՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան՝ մանրամասնելով, որ այդ հարթութեան մէջ ամենակազմակերպուած յարաբերութիւնները ՀՀ Ազգային ժողովի հետ ձեւաւորած միջխորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովն է:

«Մեզի համար առաջնահերթութիւն է միջխորհրդարանական կապերը զարգացնել այն երկիրներուն հետ, որոնք մշտական հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն Արցախի հանդէպ: Իբրեւ արդիւնք ձեւաւորուած է բարեկամական հինգ խումբ: Առաջինը ստեղծուած է 2012 թուականին Լիթվիայի Սէյմասին մէջ, որուն յաջորդած է Ֆրանսայի հետ բարեկամութեան խումբի ձեւաւորումը: Յարաբերութիւնները կը  կարգաւորուին տարբեր ձեւաչափերով: Բայց բոլոր պարագաներուն մեզի համար նպատակը ընդհանուր է՝ մեր երկրի միջազգային ճանաչումը, որ պիտի փորձենք իրականացնել նաեւ միջխորհրդարանական կապերու ամրապնդման միջոցով»,- նշած է Ա. Ղուլեան:

ԱԺ նախագահը անդրադարձած է նաեւ ՀՀ-ի մէջ ձեւաւորուած նոր խորհրդարանին եւ ընդգծած, որ համագործակցութիւնը անոնց միջեւ պիտի շարունակուի:

«Ունինք հայկական երկու հանրապետութիւն, որոնց յարաբերութիւնները, անկախ քաղաքական փոփոխութիւններէն, պէտք է ըլլան ամենաբարձր մակարդակի վրայ՝ հաշուի առնելով համազգային խնդիրները եւ ընդհանուր նպատակները»,- նշած է Ա. Ղուլեան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին