Երէկ՝ 28 Դեկտեմբեր 2018-ին, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբեկեան ընդունեց ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը:
Աւելի քան կէս ժամ տեւած ընդունելութեան ընթացքին, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութիւնը պրն. Աթաբեկեանի հետ քննարկեց ընդհանրապէս հայ ազգը յուզող հարցեր: Պատուիրակութիւնը ՌԱԿի անունով իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց ամէն ձեւով օժանդակելու Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան գործունէութեան:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու լիբանանահայ համայնքի կեանքին՝ իր զանազան մարզերով ու ծալքերով: Դեսպան Աթաբեկեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց լիբանանահայութեան կենսունակ դերակատարութեան ի լուր՝ յուսալով, որ միասնականութիւնը աւելի կը զօրացնէ ու կ’արժեւորէ անոր մասնակցութիւնը քաղաքական-ընկերային կեանքին մէջ:
Այնուհետեւ, զրոյցը զարգացաւ հայաստանեան իրականութենէն ներս՝ շեշտը դնելով այն գործօններուն վրայ, որոնք Հայաստանի ապագայական հեռանկարը կը դնեն ամուր հիմերու վրայ:
Տեղեկատուական Գրասենեակ
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն