Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

Լիբանանին Բազում Մարտահրաւէրներ Կը Սպասեն 2019-ին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մինչ 2018 թուականը յարադէպ վերիվայրումներով կը մօտենայ իր աւարտին, 2019-ն, ըստ քաղաքագէտներու, կը խոստանայ աւելի լարուած ըլլալ Լիբանանի համար:
Լուրջ մարտահրաւէրներ կը սպասեն կառավարութեան, երբ վերջինս առօք-փառօք կազմաւորուի, մասնաւորաբար երկրի կայունութիւնը ապահովելու եւ ծայր աստիճան վատթար վիճակի մէջ գտնուող տնտեսութիւնը փրկելու տեսակէտէն:
Նոր տարիէն ետք Լիբանանի դիմագրաւելիք հիմնական մարտահրաւէրներէն է ՍԻՏԸՐ խորհրդաժողովին պահանջուած կառուցուածքային եւ հարկապիւտճէական բարեփոխումները՝ խթանելու օր ըստ օրէ վատթարացող տնտեսութիւնը:
Լիբանան պէտք է աշխատի նաեւ Սուրիոյ հետ խախուտ յարաբերութիւնները վերստին կայունացնելու ուղղութեամբ: Հրատապ խնդիրներու շարքին է նաեւ Լիբանանի մէջ բնակութիւն հաստատած աւելի քան մէկ միլիոն սուրիացի գաղթականներու պարագան, որ յաւելեալ բեռ կը դնէ երկրի տնտեսական անյուսալի իրավիճակին եւ փխրուն ենթակառուցուածքներուն վրայ՝ ի թիւս այլ բազմաբղէտ խնդիրներու:   

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին