Կիրակի, 27. 07. 2025

spot_img

Ճամբորդելով…

ԵՐԱՆՈՒՀԻ ՂԱԶԱՐԵԱՆ

 

Ինչպէ՞ս խեղդենք խեւ խռովքը Սասնայ տան,

Ինչպէ՞ս մարենք այսքան կարօտ, վառք ու կիրք,

Այսքան երազ ինչպէ՞ս թաղենք գետնի տակ,

«Իմա՞լ կ՚եղնի, իմա՞լ  չերթանք մըր Էրկիր»:

Սիլվա Կապուտիկեան

 

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 2018-ի Մայիսին, մինչ ֆիզիքապէս կը ճամբորդէի դէպի ծննդավայրս՝ Աթէնք, մտովի ալ կը ճամբորդէի Կիլիկիա եւ Պատմական Հայաստան ուսուցիչ-դաստիարակ, խմբագիր, հրապարակագիր, հեղինակ Դոկտ. Մինաս Գոճայեանի «Մորմոքող անցեալի արահետներով. Ուխտագնացութիւն դէպի Պատմական Հայաստան» գիրքին էջերուն ընդմէջէն: Երկու ուղեւորութիւններու (2011 եւ 2012 ամառները) արդիւնք եղող եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին սեմին՝ 2013-ին հրատարակուած այս հատորը, մեկենասութեամբ Տիկ. Լուտովիքա եւ Տոքթ. Յակոբ Այնթապլեանններու, նախապէս որպէս յօդուածաշարք լոյս տեսած էր «Նոր Օր» շաբաթաթերթի էջերէն 2011-12-ի ընթացքին: Ատենին պահած էի այդ թիւերը, որպէսզի ամբողջանալէն ետք բոլորը միասին կարդամ, բայց տակաւին չէի յաջողած: Երբ անցեալ տարի հեղինակը ազնուութիւնը ունեցաւ գիրքը նուիրելու ինծի, որոշեցի ոչ միայն շուտով կարդալ, այլ նաեւ ճամբորդութեանս ընկեր դարձնել զայն:

«Գացի իմ արմատներուս սնունդ տուած հողը տեսնելու», կ’ըսէ հեղինակը: «Գացի կորուստիս ահաւորութիւը չափելու: Գացի աւելի լաւ ճանչնալու այն մարդը, որ այսօր կ’ապրի հոն եւ ինքզինք տէրը կը նկատէ այդ հողերուն… գացի նաեւ անկեղծօրէն խօսելու այն բազմաթիւ ազնիւ մարդոց հետ, թուրք կամ քիւրտ, որոնք ամբողջութեամբ կամ մասամբ կ’ընդունին ու կը հասկնան իմ ցաւս եւ անկեղծօրէն կ’ըսեն ինծի «բարի եկած էք ձեր տունը»:

Մորմոքող անցեալի արահետները զինք կը տանին Մուսա Լեռ, Պէյլան, Ալեքսանտրէթ, Չորք-Մարզպան, Անարզաբա, Ատանա, Սիս, Զէյթուն, Մարաշ, Այնթապ, Ուրկուփ, Կեսարիա, Էվերեկ, Բալու, Հաւաւ, Ծովք, Խարբերդ, Մուշ, Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանք, Սասուն, Պաթման, Մանազկերտ, Իգդիր, Պայազէտ, Մասիսներու արեւմտեան ստորոտը, Կաղզվան, Կարս, Անի, Բերկրի, Վարագայ վանք եւ գիւղ, Վան, Ախթամար, Տիարպեքիր, Ուրֆա, Հռոմկլա եւ Ճիպին, երբեմն շատ կարճ, երբեմն աւելի երկար ժամանակով:

Ու տեսածին միացնելով մեծ ծնողներէն եւ անոնց տարեկիցներէն լսածները, իւրաքանչիւր վայրի հետ կապուած պատմական տուեալներն ու աւանդութիւնները, ոգեկոչելով այդ վայրերուն մէջ ծնունդ առած կամ անկէ սերած մեր մեծերը, խմելով կորուսեալ հայրենիքներու ջուրերէն ու «մկրտուելով» անոնց մէջ, «Հայր Մեր»ը եւ «Տէր Ողորմեա»ն հնչեցնելով մեր աւերակ եկեղեցիներուն մէջ, Դոկտ. Գոճայեան ընթերցողը հաղորդակից կը դարձնէ իր ուխտագնացի փորձառութեան ու ապրումներուն: Շնորհակալ ենք:

«Աղ ու պղպեղ կը լեցուի մորմոքիս վրայ», երբ վկան կ’ըլլայ խեղաթիւրումներուն, շինանիւթ դարձած խաչքարերու եւ զարդաքանդակներու բեկորներուն, հայերու կողմէ ջարդուած Թուրքերու յիշատակին կանգնեցուած յուշակոթողին («Եկ Մինաս ու մի’ խելագարի …»), մինարէթով եկեղեցիներուն, հատուկենտ կանգուն մնացած հայկական տուներուն մէջ տակաւին ոսկի փնտռողներուն. անհանգիստ կ’ըլլայ, ուտելիքը կոկորդէն չիջնելու աստիճան:

«Դիւրին չէ անտարբեր աչքով դիտել Եփրատը», կ’ըսէ ան, երբ դէմ յանդիման կը գտնուի 1915-ին կարմիր ներկուած, բայց այսօր յստակ հոսող գետին հետ: Իսկ երբ կ’այցելէ Կիլիկիոյ իշխանութեան եւ թագաւորութեան տարիներուն իր փառքի գագաթնակէտին հասած միջնադարեան հոգեւոր եւ մշակութային կեդրոն՝ Հռոմկլա բերդաքաղաքը կ’ափսոսայ որ «…այսօր մարդկային շունչ չկայ Հռոմկլայի մէջ, նոյնիսկ այծեր չեն արածիր այս բարձունքներուն վրայ եւ պատմութիւնը կանգ առած է արդէն քանի հարիւր տարիներէ ի վեր»:

Կայ նաեւ դրական ներկայութիւնը պատմութենէն լուր ունեցող սակաւաթիւ տեղացիներուն, պատմութեան «տարբեր աչքով» նայելու տրամադրուածներուն:

Իր երկու ուղեւորութիւններուն ընթացքին Դոկտ. Գոճայեան «կը սորվեցնէ» նաեւ, ըստ կարելւոյն, փորձելով շրջել այսօրուան Թուրքին իր կառավարութեան կողմէ դար մը ամբողջ հրամցուածը: Կաթիլ մը թէեւ ապատեղեկատուութեան ովկիանոսին մէջ, պարտականութիւն մը, սակայն, որ կ’իյնայ մեր բոլորին ուսերուն:

Ձեր վարձքը կատար եւ ձեր գրիչը դալար:

 

***

Այս անգամ կը ճամբորդեմ ժամանակին մէջ, մօտ հարիւրամեակ մը ետ: Կիլիկիոյ ծնունդ էր մօրս ծնողքը: Զէյթունի Կապան (Կէպէն) գիւղէն էր մեծ հայրս: Մահացու չէր եղած եաթաղանին հարուածը եւ վերապրած էր ինք, եօթը օր կիրճը նետուած իր համագիւղացիներուն դիակներուն տակ մնալէ ետք: Բոլորովին առանց ընտանիքի մնացած Լեւոնը տարիներ ետք ի վերջոյ հանգրուանած էր Յունաստանի Լաւրիօ քաղաքը, որու հանքերուն մէջ աշխատանք գտած են հայեր, եւ ուր կարելի է տակաւին տեսնել հայկական անուն կրող տապանաքարեր:

Նոյն քաղաքը եղած էր նաեւ հանգրուանը մեծ մօրս՝ Ովսաննային, որու ծննդավայրն էր Կիլիկիոյ Կարսը (Կարս-պազար): Իրենց մէկ հատիկը եղաւ մայրս՝ Վիքթորիա: Թագուհիի անուն ուզած էր տալ իրեն հայրը, որպէսզի թագուհիի բախտ ունենայ, վախնալով որ Ցեղասպանութեան զոհ՝ խեղդամահ մօր կամ քոյրերուն անունը տալով կրնար անոնց բախտին արժանանալ:

Եղբայրներս ու ես բախտը չունեցանք մեծ հայրս ճանչնալու: Կանուխ մահացած էր ան, նախ քան մօրս ամուսնանալը: Բայց ծանօթներ միշտ լաւ խօսք ունէին ըսելիք բարի եւ աշխատասէր մարդուն մասին, որ ֆիզիքապէս տկար ըլլալուն, իբր հետեւանք իր եօթնօրեայ տանջանքին եւ տարագրութեան, ընտանիքին ապրուստը ապահոված էր տան մէջ ցորեն աղալով, փայտէ, ոսկորէ կամ թիթեղեայ առօրեայ գործածութեան իրեր շինելով: Իսկ մեր մանկութեան զինք ճանչցողներուն մեզ կը ծանօթացնէին որպէս զէյթունցի կամ կէպէնցի Լեւոն աղային թոռները:

Կիլիկեցի ծնողներէ սերած Վիքթորիան 1949-ին կ’ամուսնանար 1922-ի Զմիւռնիոյ աղէտին պատճառով մանուկ հասակին մօր ու եղբայրներուն հետ Աթէնք ապաստանած Հայկին հետ ու կը դառնար մեր տան թագուհին: Բոլորն ալ անդարձ մեկնած են այլեւս: Աստուած լուսաւորէ իրենց հոգիները:

Կ’արժէ նշել այստեղ, թէ 1922-ին Փոքր Ասիայէն եկող աւելի քան 1,200,000 յոյն գաղթականներու կողքին Յունաստան ընդունած էր նաեւ շուրջ 100,000 հայեր: Յաւէտ երախտապարտ եղած են մեր ծնողներն ու մեծ ծնողները, ինչպէս նաեւ մենք:

 ***

Թող բարի ու խաղաղ ըլլայ 2019-ն Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայութեան եւ համայն մարդկութեան համար: Առիթը ունենանք ճամբորդելու ֆիզիքապէս եւ մտովի, ծանօթանալու մեր անցեալին ու ներկային, «սորվեցնելու» թէ մերն էր այն ինչ որ անկախ մեր կամքէն, արեամբ ու սուրով, ուրիշինն է այսօր:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին