Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Թուրքիոյ Նախագահականը Կարօ Փայլանը Անձեռնմխելիութենէ Զրկելու Միջնորդութիւն Ներկայացուցած Է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Թուրքիոյ նախագահականը դարձեալ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը անձեռնմխելիութենէ զրկելու միջնորդութիւն ներկայացուցած է:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնէ թրքական «Հուրիեթ»ը:

Թուրքիոյ նախագահականը, Փայլանէն բացի, պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ զրկելու միջնորդութիւն ներկայացուցած է խորհրդարանի 7 այլ պատգամաւորներու համար:

8 պատգամաւորներէն 6ն Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութենէն են, իսկ 2ը՝ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» եւ երկրի գլխաւոր ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութիւններէն:

Միջնորդութիւնը ուղարկուած է Թուրքիոյ խորհրդարանի սահմանադրական եւ արդարադատութեան յանձնաժողով: Վերջինիս հաստատումէն ետք միջնորդութիւնը կ’ուղարկուի արդարադատութեան նախարարութիւն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին