Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Թուրք Հաքըրները Յարձակում Գործած Են Յունաստանի ԱԳՆի Ելեկտրոնային Համակարգի Վրայ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Թուրք հաքերները յարձակում գործած եւ կոտրած են Յունաստանի ԱԳՆի ելեկտրոնային նամակագրութեան համակարգը:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնէ թրքական haberler.comը:

Հաքըրների խումբը կոտրած է նաեւ Յունաստանի ազգային ռազմավարութեան կայքը եւ այնտեղ գրառում կատարած:

«Մենք գիշեր մը կրնանք պատահաբար գալ: Մեր սահմանները մեր կարմիր գիծերն են: Կը զգուշացնենք այդ գիծերը անցնողները, կը յիշեցնենք, որ պատմութիւնը կրնայ կրկնուիլ»,- կ’ըսուի հաքըրներու կողմէ կատարուած գրառումին մէջ:

Հաքըրները նաեւ նշած են, որ Յունաստանի դէմ յարձակումները պիտի շարունակուին, եւ որ իրենց թիրախի տակ վերցուած են շարք մը յունական լրատուական կառոյցներ:

Թուրք հաքըրների խումբը հանդէս կու գայ «Cyber-Warrior Akincilar» անունով եւ  համակարգչային յարձակումները սկսած է Թուրքիոյ կողմէ Յունաստանի օդային սահմանը խախտելու առնչութեամբ  Յունաստանի ԶՈւ գլխաւոր հրամանատարակազմի պետի կոշտ զգուշացումներէն ետք:

«Եթէ թրքական ուժերը մօտենան մեր կղզիներուն, մենք կ’ոչնչացնենք զանոնք»,- ըսած էր Յունաստանի ԶՈւ գլխաւոր հրամանատարակազմի պետը:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին