«Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամը խիստ կը կարեւորէ կրթութիւնը որպէս անհատի զարգացման եւ յաջողութեան հիմնական գրաւական եւ զայն կը համարէ իւրաքանչիւր քաղաքակիրթ երկրի առաջնային ոլորտներէն: Սակայն, ցաւօք, նիւթական խնդիրներու պատճառով շատ երեխաներ զրկուած են նուազագոյն կրթական ծրագիրէն: 2010ին սկսած բարերարներու շնորհիւ «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամը կ’իրականացնէ «Անվճար դասագիրքեր կարիքաւոր երեխաներու համար» ամէնամեայ ծրագիրը եւ կ’օժանդակէ աւելի անապահով երեխաներուն ստանալ անվճար դասագիրքեր:
Ծրագիրը կ’իրականացուի նուիրատուութիւններու շնորհիւ, որոնք մասնաւորապէս կ’ապահովուին Լոնտոնի Թէքէեան խնամակալ մարմինի կողմէ Մեծն Բրիտանիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ կազմակերպուած դրամահաւաքներու միջոցով:
2018-2019 ուսումնական տարուան համար «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամը 2,060 անվճար դասագիրք տրամադրած է 182 անապահով աշակերտի՝ Երեւանէն, Կիւմրիէն, Ստեփանաւանէն, Քարբի գիւղէն եւ Բերձորէն՝ անով իսկ մեղմելով ընտանիքներու նիւթական հոգերը: Իսկ ծրագիրի իրականացման ինը տարիներուն ընթացքին ընդհանուր առմամբ հիմնադրամը տրամադրած է աւելի քան 21,000 դասագիրք 11,015,000 ՀՀ դրամ արժողութեամբ:
Հիմնադրամը նպատակ ունի ընդլայնելու ծրագիրը, ուստի կը հայցէ եւ կ’ակնկալէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի կազմակերպութիւններու եւ անհատներու տեւական գործակցութիւնն ու օժանդակութիւնը ընկերապէս անապահով ընտանիքներու երեխաներուն:
Նուիրատուութիւն կրնաք կատարել`
«Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամ
/ՀՀ, Երեւան 0025, Խանճեան 50/
Դրամատուն` «Ամերիապանք» ՓԲԸ
Դրամատնային հաշիւ` 15700 22679770200 (ՀՀ դրամ)
SWIFT / BIC: ARMIAM22
«Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամը կը յայտնէ իր խորին երախտագիտութիւնը բոլոր նուիրատուներուն հայ դպրոցի զարգացման եւ բարգաւաճման հայրենանուէր գործին աջակցելու համար: