Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

2018-ին Արցախի Տնտեսական Աշխուժութեան Ցուցանիշը Մօտ 12 %-ով Աճած է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արցախի Հանրապետութեան մէջ 2018 Յունուար-Սեպտեմբերին համախառն ներքին արդիւնքը (ՀՆԱ) կազմած է 197.6 միլիառ դրամ՝ ապահովելով 12,2% իրական աճ: ՀՆԱ-ի արձանագրած 12,2% յաւելեալ աճի ընթացքի 6.7 տոկոսային կէտը ապահոված է արդիւնաբերութիւնը (որուն աւելի քան 5 տոկոսային կէտը՝ հանքարդիւնաբերութիւնը, մօտ 1.7 տոկոսային կէտը՝ ուժանիւթը), 4.3 տոկոսային կէտը՝ առեւտուրը եւ ծառայութիւնները: Այս մասին, իր ամփոփիչ ասուլիսին մէջ, ըսած է Արցախի պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան:

Անոր խօսքով՝ մինչեւ տարեվերջ կը կանխատեսուի, որ համախառն ներքին արդիւնքի անուանական ցուցանիշը պիտի կազմէ շուրջ 303 միլիառ դրամ՝ ապահովելով երկնիշ տնտեսական աճ: «Կ՝ակնկալուի, որ մէկ շունչի հաշուով համախառն ներքին արդիւնքը 2018-ի համար պիտի կազմէ շուրջ 4260 ԱՄՆ տոլար՝ 2017 -ի 3845 ԱՄՆ տոլարի դիմաց՝ այդպիսով գրեթէ հաւասարելով Հայաստանի Հանրապետութեան համապատասխան ցուցանիշին: Ընթացիկ տարուան 11 ամիսներուն տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը 2017-ի համապատասխան ժամանակահատուածին համեմատ աճած է` 11.7%-ով»,- նշած է ան։

Մարտիրոսեանի խօսքով՝ ձեռնարկուած օրէնսդրական փոփոխութիւններուն շնորհիւ 2019-էն սկսեալ աւելի պիտի բարելաւուի գործարար միջավայրը եւ պիտի թեթեւնայ փոքր ու միջին ձեռնարկատիրութեան հարկային բեռը՝ Ստեփանակերտ քաղաքի մէջ արտօնագրային եւ հաստատագրուած վճար վճարողներունը՝ 50%-ով, իսկ շրջաններուն մէջ՝ 70%-ով։ Այս արտօնութենէն պիտի օգտուին հանրապետութեան հարկատուներու աւելի քան 30%-ը։

«2018-ի ընթացքին արձանագրուած է 1249 նոր կեդրոն, որոնցմէ գործունէութիւն կը ծաւալէ 716-ը: Լուծարուած է 75 կեդրոն: Ընդհանուր առմամբ ԱՀ-ի մէջ հարկատուներուն թիւը կը կազմէ աւելի քան 5800: Հանրապետութեան մէջ վարձու միջին ամսական աշխատողներուն թիւը՝ տարուան սկիզբը՝ կը կազմէր 38,209, որ տարուան ընթացքին աւելցած է 1 200-ով՝ կազմելով 39,407 մարդ»,- նշած է ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին