Երկուշաբթի, 28. 07. 2025

spot_img

2018 տարուան ուղին

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 2018-ը արդէն մօտեցած է իր աւարտին:

Հեքիաթային մեր երկրային այս աշխարհին վրայ, անցեալ տարուան ընթացքին, երկինքը փուլ եկաւ հազար ու մէկ չարիքով ու կործանումով, կրակներով, երկրաշարժներով, փոթորիկներով, հեղեղներով, հրաբուխներով եւ աստուածային այլ անէծքներով…

Յոռետես չըլլալու համար, կրնանք նշել նաեւ բարիքներ, որոնք պատահեցան նոյն տարուան մէջ, որոնցմէ մեծագոյնը, մեզ՝ աշխարհատարած հայերուս համար, կարելի է նշել հայրենիքի Թաւշեայ յեղափոխութիւնը եւ հայրենի ժողովուրդին զարթնումն ու ձերբազատութիւնը աւելի քան 25 տարուան բռնատիրութենէն:

2018 տարին երկիրներու եւ ժողովուրդներու գլխուն վրայ բերաւ աղէտներ, որոնց մեծագոյնները կարելի են համարել սկսելով Յունաստանէն, ուր անտառային հրդեհի մը պատճառով մահացաւ 126 հոգի, հրկիզելով հսկայ տարածութիւններ եւ բնակելի շրջաններ:

. Նոր Կինիէ, ուր երկրաշարժի մը հետեւանքով մահացաւ 145 հոգի, տափարակ աւերակոյտի վերածելով մարդկային բնակութեան վայրեր:

. Հիւսիսային Քորէա, ուր 151 հոգի խեղդամահ եղաւ հեղեղի պատճառով, քաղաքներ եւ գիւղեր քշել տանելով իրեն հետ:

. Փաքիստանի մէջ 180 հոգի մահացաւ սոսկալի տաք օդի ջերմաստիճանի պատճառով:

. Նիկերիոյ մէջ 200 հոգի մահացաւ հեղեղներու պատճառով:

. Ճափոն՝ 220 հոգի, Հնդկաստան՝ 361 հոգի, Կուաթեմալա՝ 425 հոգի հրաբուխի պատճառով:

. Ինտոնեզիա՝ 468 հոգի երկրաշարժի պատճառով եւ 2,783 հոգի Սունամիի եւ կրկին՝ երկրաշարժի պատճառով:

. Քալիֆորնիա՝ 88 հոգի մահացած եւ մօտ 200 հոգի կորսուած հրդեհներու պատճառով:

. Միացեալ Նահանգներ, արեւելեան ափ, հեղեղներ եւ փոթորիկներ, որոնց հետեւանքով մահացաւ 3 հոգի, իսկ քաղաքներ եւ գիւղեր դարձան աւերակ:

Կարծէք Աստուծոյ զայրոյթը հասած էր իր գագաթնակէտին… մարդկային անիրաւութիւններուն ի տես… բնութեան արհաւիրքներով պատժելով զիրենք:

Հաւանաբար բնական աղէտներու շարքը շատ աւելի երկար է, սակայն գլխաւորները նկատի ունեցանք, մտաբերելու եւ քիչ մըն ալ տեղ տալու համար մարդկային ոյժերով կատարուած աղէտներուն մասին:

***

Սիրելի ընթերցող, Նոր Տարուան սեմին գրուած սոյն երկտողը, հակառակ անոր որ  բարեմաղթութիւններու, լաւատեսութեան եւ զուարթ խօսքի պատգամ պէտք էր դառնար, ընդհակառակը՝ ան դարձաւ ամերիկեան լրատուական եւ հաղորդակցական ընկերութիւններուն յար եւ նման, ուր գրեթէ ո՛չ մէկ բարի կամ ուրախ լուր կրնանք լսել կամ տեսնել, օրն ի բուն դիտելով զիրենք ու լսելով անոնց անիմաստ ու վրդովիչ շաղակրատութիւնները եւ դժբախտ ու ցաւալի լուրերն ու դէպքերը: Բայց չէ՞ որ կարծէք ա՛յդ է բուն նպատակը, մեզ ձիգ ջիղերու վրայ պահելու եւ ահ ու դողի մէջ ապրեցնելու համար են բոլորը:

Աշխարհի տարածքին, կը դիտենք եւ կը տեսնենք հաղորդումներ համացանցով եւ հեռուստատեսիլներով. շատ կը փափաքէինք տեսնել կամ լսել երկրի մը, որեւէ երկրի բարօրութիւնը, խաղաղութիւնը, տնտեսական ու ժողովրդային անդորր կեանքի մասին… ի բաց առեալ հիւիսային կամ հարաւային բեւեռներէն, ուր մարդկութիւնը, կը կարծենք թէ, տակաւին չէ հասած իր աւերը գործելու այնտեղ:

Պահ մը դիտելով մեր չորս դին, կրնա՞նք նշել որեւէ մէկ երկիր, ուր ներքին կամ արտաքին պատերազմներու, իրադարձութիւններու կամ դժուարութիւններու մէջ չեն գտնուիր անոնց ժողովուրդները: Այդ աւեր գործող Գարունը կարծէք ժամանած է ամէնուրեք, արաբական երկիրներէն իրեն հետ բերելով աւեր, կրակ, կոտորած ու կործանում: Սակայն… աշխարհի օրէնքն է այս, «մէկուն դժբախտութիւնը, միւսին հարստութիւնն է» կ՚ըսեն իմաստուններ, «մեծը փոքրը կլանելով»:

Անիմաստ պիտի դառնայ անդրադառնալ աշխարհի մէջ պատահած բոլոր աղէտներուն եւ դժբախտութիւններուն, որոնց շարքը անվերջանալի կը թուի ըլլալ… շատ հաւանաբար շարունակելի՝ 2019-ի տարեշրջանին մէջ եւս:

Սիրելիներ, բայց եւ այնպէս, վատ թէ լաւ, ապրեցանք ու տեսանք 2018 տարին մէկ նշանակութեամբ, մեր կամքի տոկունութեամբ, յոյսով ու յամառ աշխատանքով եւ մեր կեանքի պայքարով: Եթէ կարողացանք լողալ կամ թիավարել այս ալեկոծ ու փոթորկոտ աշխարհի ովկիանոսին մէջ, այդ կը նշանակէ թէ մենք խոհուն ենք որպէս ազգ, զգօն ենք օտարի սադրանքներուն, կարող ենք մենք զմեզ կառավարել միասնականօրէն, կարող ենք մենք զմեզ պաշտպանել մեր թշնամիներէն ու նաեւ՝ մեզի բարեկամ ձեւացողներէն:

***

Ունինք ազատ ու անկախ հայրենիք իր երկու թեւերով՝ Հայաստանն ու Արցախը իրենց  ժողովուրդով, ու սփիւռքի հայ հայութիւնը: Մեր հայ ժողովուրդին, այո՛, բոլորին միակ մտասեւեռումն է ապրիլ, ստեղծագործել, աշխատիլ, որպէս մէկ մեծ ընտանիք, կերտելու համար ապահով հայրենիք, հզօր ու միակամ հայրենիք, մէ՛կ նպատակով սլացող, յաջորդ հազարամեակներու հեռանկարներով մտասեւեռ:

Քեզ բարի Նոր Տարի սիրելի հայ ազգ: Թող որ Նոր Տարին բերէ բարգաւաճում ու խաղաղ երկինք քու հողերուդ ու բնակութեանդ վրայ, քու ժողովուրդիդ տայ մեր պապենական օրհնութիւնը ու անոնց աջը միշտ մնայ պահապան մեր բոլորին գլխին:

Մնանք խոհեմ ու միասնական, մեր ոյժերուն վրայ վստահ:

Հայ ժողովուրդ, քեզ Բարի կաղանդ ու Սուրբ Ծնունդ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին