Կիրակի, 27. 07. 2025

spot_img

Սրտի խօսք. ՄԻՔԱՅԷԼ ՄԱՐՏԻՐԵԱՆԻ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- ՀԲԸ Միութեան Լիբանանի շրջանակը, յատկապէս Պէյրութի մէջ, Համաշխարհային Բ. Պատերազմի վաղորդայնէն սկսեալ, աւելի քան երեսնամեակ մը, բոլորեց իր ծաւալուն գործունէութեանց ոսկեդարը, կրթական եւ առողջապահական մարզերէն ներս, իր երկու երկրորդական վարժարաններով, երեք նախակրթարաններով, երկու դարմանատուներով, եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան, ընկերային, գրասէր, մարզական, սկաուտական, երգչախմբային, թատերական եւ Երգի-պարի անսամպլով։

Վերոյիշեալ աննախընթաց բարգաւաճումը իրականացաւ շնորհիւ իմաստուն ղեկավարութեան մը, ու մանաւանդ նուիրեալ նոր սերունդի մը։ Այդ անձնազոհներու փաղանգին կը պատկանէր Միքայէլ Մարտիրեանը։

Հայկ ու Մանուշակ Մարտիրեաններու ութը հոգինոց բազմանդամ ընտանիքին,– երկու մանչ չորս աղջիկ,– անդրանիկ զաւակն էր Միքայէլը, ամէնէն կրտսերը՝ Արտաշէսը, եւ չորս դուստրերը, յաջորդաբար՝ Վարդուհի, Սօսի, Ալիս ու Սիլվա։

Միքայէլը, աւարտելէ ետք Պէյրութ քաղաքի Հայ Աւետարանական Երկրորդական վարժարանը, կը մտնէ կեանքի ասպարէզ, շուտով տիրանալով պատրաստ հագուստներու իր վաճառատան։

Միութենական կեանքէն ներս, Մխօն շուտով կը դառնայ ժողովրդական դէմք մը։ Անոր գործունէութիւնը հետզհետէ կը ծաւալի մարզական, ընկերային ու մշակութային մարզերէն ներս։

Իր անսպառ հոգատարութիւնը կը վայելէ նաեւ պասքեթպոլի աղջկանց խումբը, որուն մաս կը կազմէին իր երկու քոյրերը՝ Սօսին եւ Ալիսը։ ՀԵԸ-ի աղջկանց խումբը Լիբանանի ախոյեան մնաց յաջորդական չորս տարիներ (1960-էն 1964)։

Միքայէլը 1985-ին կ՚ամուսնանայ Օրդ. Վարդուհի Եաղսըզեանի հետ։ Անոնք կը բախտաւորուին երկու զաւակներով Հայկ ու Կասիա։ Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի անհրապոյր մթնոլորտին պատճառով Հայկը կու գայ Լոս Անճելըս, յաճախելով USC համալսարանը։ Առաջին տարուան վերջաւորութեան, 1985-ին կ՚ենթարկուի ինքնաշարժի արկածի, դառնալով անիմաստ զոհը, երբ վարորդն ալ ինքը չէր… ծանր էր կորուստը եւ անդարմանելի։

Միքայէլ, վայելելով տոկուն մարմին մը, ու միաժամանակ ունենալով ուժեղ անհատականութիւն, փորձեց հօրենական իր վիրաւոր սիրտը ամոքել, շարունակելով իր հանրանուէր զոհաբերութիւնները։ Հօրմէն ժառանգած հայրենասիրական ոգին, միութենական պատկանելիութիւնը, ամուր կռուանները հանդիսացան հասարակական բովանդակալից իր կեանքին։

Լիբանանի 15 տարիներ երկարաձգուող քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, երբ Պէյրութ մայրաքաղաքը քրիստոնէական ու մահմետական երկու բաժանումներու ենթարկուած էր, Մայք պահապան հրեշտակը դարձաւ Արեւմտեան Պէյրութի մէջ գտնուող Ալեք Մանուկեան Կեդրոնին, ուր յաճախ ապաստան գտան վտանգի ենթարկուած հայ ընտանիքներ եւ անհատներ։

ՀԲԸ Միութեան եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան մարզական, ընկերային, մշակութային գրեթէ բոլոր նուիրապետական կարգերէն յառաջանալով, Միքայէլը ստանձնեց ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ու Շրջանակային յանձնաժողովի գանձապահի եւ ատենապետի պատասխանատու պաշտօնները, ժամանակ մը մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի Մարզական ֆետերասիոնին, ինչպէս նաեւ Առեւտրական գրասենեակին (Chambre de Commerce)։

Անիկա իր վերջին այցելութեան Լոս Անճելըս, երկու շաբաթ վայելեց իր Օննիկ քեռայրին ու քրոջ Սօսիին անփոխարինելի հոգատարութիւնը։ Առողջական վիճակը խանգարուեցաւ տարիքի յառաջացման հետ։ Տիկինը՝ Վարդուհին, երկու քոյրերը՝ Վարդուկը եւ Ալիսը, ու նաեւ կրտսեր եղբայրը՝ Արտաշը կատարեցին անհրաժեշտ խնամատարութիւնը։ Շուրջ չորս տարի անկողնոյ ծառայեց, մաքառելով մահուան դէմ։ Անիկա 83 տարեկանին, անցեալ Հոկտեմբեր 17-ին, վերջնականապէս հրաժեշտ տուաւ կեանքին։

Այս պահուն, եւ ամէն անգամ, երբ կը փորձենք ոգեկոչել հանգուցեալին յիշատակը, մեր յիշողութեան պաստառին վրայ կը պատկերանայ Մխոյի լայնաժպիտ, կենսայորդ, ու լուսաշող ուրուապատկերը։

Քաղցր յիշատակներով, ակամայ հրաժեշտ կու տանք քեզի, սիրելի Մխօ։

 

ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին