Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

Սուրիոյ Հարցով Ռուս-Թրքական Պատուիրակութիւններու Քննարկումները Տեղի Կ’ունենան Մոսկուայի Մէջ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» (ԱԶԿ) կուսակցութեան խօսնակ Օմեր Չելիքը յայտնած է, որ Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ պատուիրակութիւններուն միջեւ քննարկումները տեղի կ’ունենան Մոսկուայի մէջ:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները:

Թուրքիայէն պաշտօնեաներու պատուիրակութիւնը Մոսկուա պիտի մեկնի Դեկտեմբեր 29ին:

Թրքական պատուիրակութեան մէջ պիտի ըլլան երկրի ազգային հետախուզական ծառայութեան ղեկավար Հաքան Ֆիտանը, ՊՆ նախարար Հուլուսի Աքարը եւ նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Քալընը:

Տեղեկութեան համաձայն՝ հաւանական է, որ 2019 թուականի սկիզբը Սուրիոյ հարցով հանդիպում ունենան նաեւ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին