«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երէկ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի յայտնեց, որ Թագաւորութիւնը պիտի դադրի զգուշացնել իր քաղաքացիները Լիբանան ճանապարհորդութենէ, երբ ի կատար ածուի Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմաւորումը:
«Թագաւորութեան քաղաքականութիւնը Լիբանանի նկատմամբ հիմնուած է վերջինիս ապահովութեան եւ կայունութեան վրայ»,- ըսաւ Պուխարի, որ այս ամսուան սկիզբը պաշտօնապէս նշանակուեցաւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան: