Երկուշաբթի, 28. 07. 2025

spot_img

Պատկառելի հանգրուան. ԷՐԵԲՈՒՆԻ–ԵՐԵՒԱՆ 2800-ԱՄԵԱԿ (Ք.Ա.782 – 2018) ՀՆԱԳՈՅՆ ՈՒ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԵՐԵՒԱՆԸ

ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Խալդեան մեծութեամբ Արգիշտին Մենուայի որդին, այս բերդը հոյակապ կառուցեցի, կոչեցի քաղաք Էրեբունի անուամբ՝ Բիայնա երկրների փառք,

թշնամու երկիրների ի սարսափ»։

ԱՐԳԻՇՏԻ Ա. ԹԱԳԱՒՈՐ

 

 

Հնագոյն Արձանագրութիւնը

Սովետական Հայաստանի Հնագիտութեան կաճառը 1950 թուականէն սկսեալ ձեռնարկած էր Էրեբունիի պատմական վայրին վրայ աշխատիլ, ուր նոյն տարին գտան 13 տող վերոյիշեալ սեպագիր արձանագրութիւնը։ Զայն վերծանած է ուրարտագէտ Մարգարիտ Իսրայէլեանը, ու այդ մասին կարդացած եմ «Էջմիածին» ամսագրի 1968 թուի Ժ. համարին մէջ։  Յաւելեալ տեղեկութիւն մը եւս տուած է բանասէր Սամուէլ Անթոսեան, թէ «վերջին տարիներում լեզուաբանական ուսումնասիրութիւնները ցոյց են տալիս որ ծագումնաբանական եւ լեզուական աղերսակցութիւններ կան ուրարտերէնի եւ հայերէնի միջեւ»։

 

2800-ամեակը՝ այս տարի

Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայ 2018 տարին նշեց 2800-ամեակը քաղաքամայր Երեւանի՝ հիմնուած վերոյիշեալ հնագոյն արձանագրութեան վրայ։ Սովետական Հայաստանի շրջանին կատարուած պատմական պեղումները հաստատած են, որ Երեւանի հիմնադրումը կապուած է Հայաստանի հողին վրայ Ուրարտուի Արգիշտի Ա. թագաւորի ձեռքով կառուցուած Էրեբունի բերդին հետ, եւ միասին ստուգուած սեպագիր յատուկ արձանագրութեամբ Ք.Ա. 728 թուականին՝ Արին բերդի բլուրին վրայ։ Ժայռագիր սեպագիր այդ վկայագիրը, որ այժմ անաղարտ վիճակի մէջ կը պահուի Էրեբունիի թանգարանին մէջ, երկիցս տեսած եմ, որուն վերծանեալ բնագիրն է վերոգրեալ արձանագրութիւնը։

 

ԷրեբունիԵրեւան

Վանայ լճի Ուրարտական շրջանի յայտնի բերդաքաղաքն էր Էրեբունին, տեղադրուած հիւսիսի երկիրներուն կեդրոնը իր պալատով, տաճարներով եւ զանազան կառոյցներով, որոնց մնացորդները մօտաւոր անցեալին հայրենի հնախոյզ գիտնականներ երեւան հանած են եւ պետական թանգարանով յաւերժացուցած։ Հայոց պատմութեան մէջ Երեւան անունը առաջին անգամ յիշատակուած է 7-րդ դարու սկիզբը Աբրահամ Ա. Աղբաթանեցի Կաթողիկոսին  (607-615) կողմէ, որ 607 թուին եկեղեցական ժողով մը հրաւիրած էր որուն մասնակցած էր «Դաւիթ Երեւանայ եպիսկոպոսը»։ Այդ անունին հանդիպեցայ երբ Ուխտանէս պատմիչի զոյգ գիրքերը անգլերէնի կը թարգմանէի երեսնամեակ մը առաջ։ Սա կը նշանակէ ուրեմն որ եօթներորդ դարէն առաջ Հայաստանի մայրաքաղաքը Էրեբունի կը կոչուէր իր աղաւաղեալ ձեւերով՝ Էրեւունի, Էրեւան, եւ վերջապէս Երեւան անունով։

Նկատի ունենալով 28 դարերու պատկառելի հնութիւնը, անկասկած Հայաստանի մայրաքաղաքը պէտք է դասել աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն մին՝ «հասակակից Բաբելոնի եւ Բերսեպոլիսի, որոնք իրենց գոյութիւնը վաղուց դադրեցուցած են եւ աւերակներու մէջ պառկած քաղաքներ» եղան, ինչպէս անցեալին ըսած էր Բադալ Մուրատեան։

 

Արդի Երեւանը եւ ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեան

Խորհրդային Հայաստանի տնտեսական եւ մշակութային նուաճումներուն մէջ ակնառու եղան քաղաքաշինութիւնն ու Երեւանի արդի ճարտարապետութիւնը, որոնք ի սպաս դրուեցան հայ ժողովուրդի բարօրութեան ու զարգացման։ Սովետահայ ճարտարապետութեան որպէս հանճար եւ արդիւնք առաջին պատիւը տրուեցաւ քաղաքամայր Երեւանին։ 1923 թուականին պետութիւնը տաղանդաւոր ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանին վստահեցաւ կազմելու Երեւանի գլխաւոր եւ համապարփակ յատակագիծը, որ յաջորդ տարին կառավարութեան կողմէ վաւերացուեցաւ ու հանդիսացաւ հիմնակէտը յաջորդող քսանամեակի քաղաքաշինութեան։

Բծախնդրօրէն գծուած Թամանեանի համապարփակ յատակագիծը նոր Երեւանը կը ներկայացնէր իր բոլոր բաղկացուցիչ մասերով։ Կեդրոնական մասը՝ քաղաքային, կառավարական, մշակութային եւ հասարակական, իսկ շրջանները՝ բնակելի թաղամասերու, արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու եւ զբօսայգիներու տարածութիւններով։ Յատուկ ուշադրութեամբ քաղաքի մայրուղիները ներդրուած էին Երեւանի յատակագծին մէջ որպէս անհրաժեշտ գործօններ։

Ճարտարապետ Թամանեան մահացաւ 1936-ին եւ սակայն անկէ առաջ իր  անմիջական հսկողութեամբ արդէն իրականացած էին փողոցներու ցանցն ու ուսումնական կարեւոր վարչական հասարակական կեդրոնական շէնքերու կառուցումը։ Նոյն ատեն բնակելի շէնքերով զարդարուեցան հրապարակներն ու մայրուղիները, որոնց յաջորդեցին նոր ճարտարապետներու գծած շրջանային բնակելի եւ դպրոցական շէնքերը՝ գլխաւորութեամբ Երեւանի Պետական Համալսարանի, Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի անուան ձեռագրաց Մատենադարանի, եւ Ազատութեան հրապարակի գլխաւոր նախկին «Արմենիա» հիւրանոցի հոյակապ կառոյցներուն։

 

Թամանեանի գլուխ գործոցները

Թամանեանի ստեղծագործութեան գլուխ գործոցները եղան Երեւանի առաջին ջրաելեկտրակայանը 1926-ին, Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան Օփերայի երաժշտասրահի դահլիճները, Թատրոնը, Հանրապետութեան Կառավարական պալատը, Լենինի՝ այժմու Ազատութեան հրապարակը, որոնց համար Թամանեան յետ մահու Փարիզի 1937-ի համաշխարհային ցուցահանդէսին մէջ արժանացաւ առաջին մրցանակին։ Եթէ Թամանեան հիմը դրաւ Նոր Երեւանի կառուցման, իրեն հետեւորդ աշակերտները շարունակեցին իր սկսած գործը ամենայն հաւատարմութեամբ։ Երեւանին հետեւեցան Լենինականն (Գիւմրին) ու Կիրովականը (Վանաձոր) որպէս Հայաստանի գլխաւոր քաղաքները, պահելով մայրաքաղաք Երեւանի ընդհանուր յատակագիծը։ Անուանի ճարտարապետը, ծնած Քրասնոտար 1878-ին եւ 1904-ին աւարտած Փեթերզպուրկի Գեղարուեստից վարժարանի ճարտարապետական բաժինը, Գէորգ Ե. Սուրէնեանց Կաթողիկոսի օրով 1923-ին Հայաստան հրաւիրուեցաւ, ուր ծաւալեց ճարտարապետական իր լայնածիր աշխատանքը։

 

Արդիական Երեւանը՝ այլանդակութիւններով

Մեծ դարադարձի այս առիթով կարելի չէ անտեսել այսօրուան Երեւանի անհաւասար եւ անհաւատարիմ «զարգացումները», այլանդակութիւնները, երբ այցելուներ ականատես կ՚ըլլան յիշեալ պատուաբեր կառուցումներուն, որոնք խեղդուած են եւ խճողուած ճաշարաններով եւ սրճարաններով, Երեւանի կեդրոնն ալ փերեզակներու շուկայ մը հաստատելով, բոլորն ալ բռնազբօսիկ «տնտեսական զարգացման» իբրեւ նշան։ Արդար ըլլալու համար պէտք է հաստատել նաեւ մեծ եւ նորաշէն պողոտաներու կառուցումը Երեւանի բարձունքին որպէս հակակշիռ, տուրք մը եւ բաժին մը տալու ի գին Թամանեանի հեռանկարին։ Այսուհանդերձ, կը սպասենք հաւասարակշռուած տնտեսական եւ ընկերային դրութեանց իրականացման, երբ ժամանակի ընթացքին կը սրբագրուին այլանդակութիւնները եւ Երեւանը կրկին կը զգենու իր պատուաբեր համակարգը՝ ի գլուխ ունենալով Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հոյակապ Մայր Եկեղեցին կառուցուած Հայաստանի Քրիստոնէութեան Մեծ Դարձի 1700-ամեակին։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին