ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Այս ի՜նչ վազք է, քիչ մը ամէն տեղ: Մարդիկ օրուան հացին ետեւ, հեւքոտ առօրեայով տարուած շլմորած, նոր աշխարհի նոր սովորութիւններով հարբած, մոռցած ընկերութիւն, աղ ու հաց, վայրի գազանանոցի անդամներ որպէս, դարձած են յարձակապաշտ եւ անձնապաշտ:
Տարի մը եւս գլորուեցաւ, ինչպէս կ’ըսենք ամէն տարի:
Տարի մը եւս աշխարհ տեսաւ սուտ պատերազմներ, ահ ու սարսափ, ինչպէս ամէն տարի:
Տարի մը եւս բնական աղէտներու, անբնական որոշումներու եւ մահասարսուռ անխղճութիւններու դէմ յանդիման գտնուեցանք, ինչպէս ամէն տարի…
Կաղանդ Պապան զարմացած է, ապշած է, բառեր չի գտներ արտայայտելու իր զգացումները իտես այսօրուան աշխարհի անիրաւութիւններուն, հայ աշխարհի թացն ու չորին, մարդ էակին ռոպոթացումին, սիրտ-հոգի-խիղճ-ի անհետացումին: Եսապաշտութեան, ինքնասիրութեան, ինքնասիրահարուածութեան այս 21-րդ դար կոչուող ժամանակաշրջանը՝ համաշխարհայնացումի «շնորհիւ», արհեստագիտութեան բարիքներուն կողքին, աղէտ մը դարձաւ փոքր ժողովուրդներու համար, հարուած հասցնելով անոնց սովորութիւններուն, լեզուին ու կրօնքին, մշակութային արժէքներուն:
Սակայն, մեր բարի Կաղանդ Պապան կը մնայ լաւատես, բայց ո՛չ երազատես, պարզապէս՝ իրատես: Եւ այսպէս, Կաղանդ Պապային նուէրներու տոպրակէն… փրցուած տողեր.
Աշխարհին՝ կայունութիւն,
Հայաստանին՝ միութիւն եւ զօրութիւն,
Հայաստանի քաղաքացիներուն՝ անհատի պատասխանատուութիւն,
Սուրբ Էջմիածինին՝ հաւատք, յոյս, սէր…
Սփիւռքին՝ եղբայրասիրութիւն,
Ամերիկահայ կազմակերպութիւններուն՝ դերերու եւ նիւթական միջոցներու ճիշդ բաժանում,
Ամերիկահայութեան՝ հայախօսութիւն,
Լոսանճելըսահայութեան՝ 2020-ի «Մերսէտէս»ներ եւ «Պի.Էմ.Տապլեու»ներ…
Լոս Անճելըսի հայկական դպրոցներուն՝ յարատեւութիւն
Կլենտէյլի եւ հայաշատ քաղաքներու հայութեան՝ խորովածին կողքին ազգային նոր ճաշատեսակներ
Սփիւռքեան կուսակցութիւններուն՝ երկրաշարժ, մտաշարժ, գործելաշարժ եւ ամէն տեսակի շարժ…
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան՝ Նոր Հայաստանին կողքին վերա-վերա-վերածնունդ…
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան՝ աւելի՛ հայկականութիւն, աւելի՛ բարեգործութիւն, աւելի՛ ընդհանուրութիւն եւ աւելի՛ միութիւն:
Նոր Հայաստանին՝ նոր տարազին տակ նաեւ նոր ոգի եւ նոր գործելապերպ:
ՆՈՐ ՕՐ-ին եւ անոր ընթերցողներուն՝ յարատեւ սրտակցութիւն դէպի 100-ամեակ եւ անդին:
Վերջապէս, ինչպէս միշտ, ինչպէս ամէն տարի՝ աշխարհին կայունութիւն, խաղաղութիւն…
Մաղթե՛նք, հաւատա՛նք եւ մեր գործով մեր լուման բերենք, ուր որ կրնանք, որքան որ կրնանք, սակայն եւ այնպէս՝ տանք, որպէսզի վերադառնայ մեզ անուշցած…
Բարի Ամանո՛ր:
Շնորհաւոր 2019:
ՆԵՏ ՈՒ ԱՂԵՂ