«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրք հաքերները յարձակում գործած եւ կոտրած են Յունաստանի ԱԳՆի ելեկտրոնային նամակագրութեան համակարգը:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնէ թրքական haberler.comը:
Հաքըրների խումբը կոտրած է նաեւ Յունաստանի ազգային ռազմավարութեան կայքը եւ այնտեղ գրառում կատարած:
«Մենք գիշեր մը կրնանք պատահաբար գալ: Մեր սահմանները մեր կարմիր գիծերն են: Կը զգուշացնենք այդ գիծերը անցնողները, կը յիշեցնենք, որ պատմութիւնը կրնայ կրկնուիլ»,- կ’ըսուի հաքըրներու կողմէ կատարուած գրառումին մէջ:
Հաքըրները նաեւ նշած են, որ Յունաստանի դէմ յարձակումները պիտի շարունակուին, եւ որ իրենց թիրախի տակ վերցուած են շարք մը յունական լրատուական կառոյցներ:
Թուրք հաքըրների խումբը հանդէս կու գայ «Cyber-Warrior Akincilar» անունով եւ համակարգչային յարձակումները սկսած է Թուրքիոյ կողմէ Յունաստանի օդային սահմանը խախտելու առնչութեամբ Յունաստանի ԶՈւ գլխաւոր հրամանատարակազմի պետի կոշտ զգուշացումներէն ետք:
«Եթէ թրքական ուժերը մօտենան մեր կղզիներուն, մենք կ’ոչնչացնենք զանոնք»,- ըսած էր Յունաստանի ԶՈւ գլխաւոր հրամանատարակազմի պետը: