«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ նախագահականը դարձեալ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը անձեռնմխելիութենէ զրկելու միջնորդութիւն ներկայացուցած է:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնէ թրքական «Հուրիեթ»ը:
Թուրքիոյ նախագահականը, Փայլանէն բացի, պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ զրկելու միջնորդութիւն ներկայացուցած է խորհրդարանի 7 այլ պատգամաւորներու համար:
8 պատգամաւորներէն 6ն Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութենէն են, իսկ 2ը՝ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» եւ երկրի գլխաւոր ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութիւններէն:
Միջնորդութիւնը ուղարկուած է Թուրքիոյ խորհրդարանի սահմանադրական եւ արդարադատութեան յանձնաժողով: Վերջինիս հաստատումէն ետք միջնորդութիւնը կ’ուղարկուի արդարադատութեան նախարարութիւն: