«Գաւառը» Լուսարձակի Տակ – 9
Քրիսթինա Աղալարեան
«Զարթօնք»Ի Երեւանի Աշխատակից
Սառցակալած ու մառախլապատ ճամբան կը տանէր դէպի Շիրակի մարզ, իսկ աւելի որոշակի՝ Աշոցքի տարածաշրջան, Հայաստանի ամենացուրտ մարզի բնակավայրերը: Աշոցքը անցեալին անուանուած է Ղուկասաւան:
Մարզային կեդրոնէն կը գտնուի 35 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Բնակավայրը ծովի մակերեւոյթէն բարձր է 2006-2039 մեթր: Տարածքի աշխարհագրութիւնը բարդ է, կլիման՝ ցուրտ լեռնային: Ձմրան ցուրտ է՝ արտայայտուած տեղումներով, ամրան՝ զով՝ դարձեալ արտայայտուած տեղումներով, ամպրոպով: Աշոցք երթալու համար առաջին պայմանը տաք հագուստ ունենալն է:
Աշոցքի տարածաշրջանին մէջ տարուան ընթացքին ամպամած օրերու քանակը հիմնականօրէն Դեկտեմբեր եւ Յունուար ամիսներուն կը դիտուի: Մէկ օրը, ի հարկէ, բաւարար չէ տարածաշրջանի գիւղերը շրջելու, պատմութեան ծանօթանալու ու դիտարժան տեսաձայնագրութիւն պատրաստելու համար, քանի որ ամէն գիւղ ունի իր իւրայատկութիւնն ու հետաքրքրական պատմութիւնը:
Մեր շրջագայութիւնը սկսանք Աշոցք տարածաշրջանի Թաւշուտ գիւղէն, ուր տանող ճամբան դժուարանցանելի, քարուքանդ եղած: Գիւղի առաջին տան տանիքէն, որ նկատեցինք այդ քարուքանդ ու ցեխոտ ճամբաներէն ետք, ծուխ կ’ելլէր, տան բնակիչներն ալ վառարանի վրայ հայկական գիւղական ձեւով գետնախնձոր կը պատրաստէին: Ինչ խօսք, շատ հաճելի ժամանակ ներս մտանք տուն՝ ճամբայէն ինչ-որ չափով մսած ու քաղցած:
Թաւշուտցիները չափէն աւելի հիւրասէր ու հիւրընկալ մարդիկ են: Աւելին, Երեւանէն հարիւրաւոր քիլոմեթր կտրած ու իրենց գիւղը հասած հիւրերուն համար ոչինչ կը խնայեն:
Ուտելէ ետք, որոշեցինք շրջիլ գիւղը, տեսնել, թէ ինչ պատմական հետաքրքրական վայրեր կան: Առաջինը, որ նկատեցինք, ազրպէյճանական գերեզմանոցն էր, որ առանց վնասուելու պահպանուած էր ու մինչեւ օրս կը պահպանուի գիւղի իշխանութեան կողմէ: Թաւշուտցիները հիմնականօրէն գաղթած են Արեւմտեան Հայաստանէն, գիւղը հիմնադրուած է 1924 թուականին, սակայն, ինչպէս կ’երեւի տարածքէն, անիկա աւելի հին պատմութիւն կրնայ ունենալ: Գիւղին մէջ հիմնականօրէն կը զբաղին անասնապահութեամբ եւ հողագործութեամբ:
Քալելով Թաւշուտ գիւղին մէջ չնկատեցինք, թէ ինչպէս հասանք յարակից Աղուորիկ համայնքը, ինչը ոչ պակաս հարուստ մշակոյթ ու պատմութիւն ունի: 2002 թուականին ՀՀ կառավարութեան որոշմամբ հաստատուած է գիւղին մէջ պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու ցանկը՝ վաղ միջնադարեան ամրոցը, 19-20րդ դարու գերեզմանոցներ, 19րդ դարու եկեղեցի, ձիթահան:
Վաղ միջնադարեան ամրոցը, որ կը գտնուի սարի բարձունքին, ծածկուած էր ձիւնով, բարձրանալը ի հարկէ անհնար չէր, բայց դիւրին ալ չէր: Յաղթահարելով բարձունքը՝ տեսարանը հիասքանչ էր: Ամբողջ գիւղը եւ դաշտերը կարծես ոտքերուդ տակ ըլլան, տպաւորութիւնները աննկարագրելի էին: Անգամ անմարդկային ցուրտը մոռացութեան մատնուած էր գեղեցիկ տեսարանի առջեւ:
Գիւղի հիասքանչ պատկերով զմայլելէ ետք մուտք գործեցինք Աղուորիկի հիմնական ու միակ դպրոցը, ուր կը սորվի 24 աշակերտ: Մեր այցի պահուն աշակերտները անգլերէն կը սորվէին, բարձր առոգանութեամբ ու անգլերէնին յատուկ հնչողութեամբ կ’արտասանէին իրենց սորված իւրաքանչիւր բառը: Դպրոցի տնօրէն Կարէն Յովհաննիսեանի եւ ուսուցիչներուն հետ զրոյցը քիչ մը աւելի տխուր էր, քանի որ անոնք մտավախութիւն ունին, որ դպրոցներու օպտիմալացման (աւելի բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու քաղաքականութիւն) պարագային իրենց գիւղը կը զրկուի միակ դպրոցէն, իսկ դպրոցը դեռ շատ վաղուց եղած է գիւղերը պահող միակ միջոցը: Ամէն տարի պետական պիւտճէէն 12 մլն դրամ կը յատկացուի դպրոցի պահպանութեան համար: Սակայն դպրոցի շէնքը կը սահմանափակուի ընդամէնը մի քանի դասասենեակներով, ուսուցչանոցով ու սանհանգոյցով: Եթէ դպրոցները օպտիմալացնեն, Աղուորիկ գիւղի երեխաները ստիպուած պէտք է երթան ուրիշ գիւղի դպրոց, ինչը այս մարզին մէջ անհնար է: Ճամբաները ձմրան դժուարանցանելի են, փոխադրամիջոց չկայ, որպէսզի երեխաները տեղափոխէ գիւղէ-գիւղ, ընտանիքները չեն կրնար ամէն օր վարձակառքով իրենց երեխաները ուղեւորել դպրոց:
Կը պարզուի, որ կամ երեխան պէտք չէ յաճախէ դպրոց, կամ ընտանիքը պէտք է տեղափոխէ մարզային կեդրոն կամ աւելի մեծ քաղաք, ու գիւղը որոշ ժամանակ ետք կը պարպուի: Ուսուցիչները նոյն այդ հեռանկարէն կը վախնան՝ չհաշուած այն հանգամանքը, որ բոլորը գործազուրկ կը դառնան: Ուսուցիչները կ’ըսեն, որ պատրաստ են նոյնիսկ բողոքի ցոյցեր ընել, միայն թէ իրենց դպրոցը չտեղափոխեն այլ գիւղ:
Սուրճի սեղանի շուրջ հաճելի, տեղ-տեղ նաեւ տագնապալից զրոյցէն ետք ուղեւորուեցանք Արփի լիճ: Լիճ, որ ունի արեւի անուն, բայց եւ սառոյցի ու սառէ թագուհիին բնորոշ պաղութիւն: Լիճի տարածքը ծածկուած էր սպիտակով, եղանակը նոյն այդ պահուն +1 աստիճանի էր: Հետաքրքրական էր, որ լիճի մէկ հատուածը սառած էր եւ միւս հատուածի ջուրը, թեթեւ քամիէն զարնուելով, սառած էր ափին, կարծես ցոյց կու տար զուգահեռ իրականութիւններու գոյութիւնը: Լիճի մերձակայքը կ’ապրի աւելի քան 100 տեսակի թռչուն, որոնց մէկ մասը ներառուած է Կարմիր գիրքի մէջ: Եղանակը իսկապէս ցուրտ էր՝ համեմատած Հայաստանի միւս շրջաններուն հետ, սակայն սա չէր ստիպեր արագ հեռանալու տարածքէն, քանի որ տեսարանը այնքան չքնաղ էր, որ առաջին անգամ այցելողին համար նոյնիսկ մէկ օրը բաւարար չէ ամէն ինչ տեսնելու ու վայելելու համար:
Ամրան այս տարածքին զբօսաշրջիկներու հոսքը մեծ է, մշտապէս կը կազմակերպուին միջոցառումներ, փառատօներ: Տեղաբնակները, սակայն, կ’ըսեն, որ պէտք է աւելի զարգացնել զբօսաշրջութիւնը մարզին մէջ, քանի որ դիտարժան ու պատմական վայրեր այստեղ շատ կան, պէտք է պահպանել եկեղեցիները, վանքերը, դպրոցները: Գիւղէն հեռացանք ուրիշ տխրութեան զգացումով մը, չնայած անոր որ նորէն վերադառնալը բարդ չէ, այնուամենայնիւ Արփի լիճը եւ յարակից գիւղերը, որոնք սահմանակից են Թուրքիոյ եւ Վրաստանին, պէտք է գոնէ մէկ անգամ անպայման տեսնել ու ըլլալ այդտեղ: