Երկուշաբթի, 28. 07. 2025

spot_img

ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ

ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

Ա.

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ժամանակակից ըլլալ 2018 թուականին ու զայն յանձնել Հայոց աշխարհի Պատմութեան դատաստանին, իրօք՝ մեր սերունդին համար կը նկատեմ բնութեան կողմէ մեզի ընծայուած շնորհ մը, որ ականատես վկան հանդիսացաւ իր տեսադաշտէն ներս պարզուած բազմատեսակ դրական թէ բացասական իրողութիւններուն:  

Արդարեւ, Ամանորը եւ անոր զուգակշիռ Քրիստոնեայ աշխարհի Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնական տրամադրութիւններու կիսամսեայ շրջանը, հայ եւ օտարազգի մեզի հաւատակից մարդկութեան անձնական, ներազգային թէ միջազգային ներքնազգացողութիւնը կ’ենթարկեն ինքնազննումի եւ վերադաստիարակումի հոգեփոխութեան: ՄԱՐԴ էակը, այդ «Մեծ անծանօթը» կը վերանորոգէ իր ինքնութիւնը, հաւատարիմ՝ անցեալ դարերու իմաստուններէն ժառանգած իմացական սխրանքին եւ հարուստ փորձառութեան:

***

Անցեալ տարի ճիշդ այս օրերուն, երբ մամուլին կը յանձնէինք ամանորեան մեր խորհրդածութիւնները, կեդրոնացեր էինք 2018 թուականի յոբելենական խորհուրդին եւ արժէքին վրայ: Հարիւրամեակն էր Սարդարապատի աննախընթաց յաղթանակին եւ անոր հետեւող Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան, շեշտելով կարեւորութիւնը իրարայաջորդ երեք հանրապետութիւններուն: Եւս առաւել, 1991-ին հռչակումը Արցախի ինքնիշխան հանրապետութեան եւ յետագային՝ ազատագրումը մեր գրաւեալ հողատարածքներուն:

Ապա, ամանորեան մեր խոհերուն մէջ տեղ կը գտնէր նաեւ Գ. հանրապետութեան տարիներուն Հայրենիքէն դէպի Եւրոպա եւ ամերիկեան երկիրներ արտագաղթող շուրջ մէկուկէս միլիոն հայութեան պատճառած համազգային մտահոգութիւնը:

Նոյնքան մտահոգիչ կը գտնէինք նաեւ 1988-ի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցի այս տարեշրջանին տակաւին գոյատեւող ամօթալի ներկայութիւնը շուրջ 3,000 տնակներուն եւ անոնց բնակիչներուն, մինչ՝ հայրենիքի տարածքին նորահարուստներ կը կառուցեն իրենց դղեակներն ու պալատները:

Արդարեւ, հայրենի անկախ պետականութեան մէջ ստեղծուած էր ակներեւ ու բացայայտ ճշմարտութիւն մը: Գոյութեան իրաւունք էր ստացած նոր դասակարգ մը՝ մենաշնորհեալներ.– անհպելիներ եւ անպատժելիներ:

27 Հոկտեմբեր 1999-ի եւ 1 Մարտ 2008-ի ոճրային արարքներուն պատուիրատուներն ու կազմակերպիչները տակաւին կը մնային ազատութեան մէջ: Մեր փառապանծ հայրենի հողին վրայ ՍՐԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐՕՏ բազում հարցեր կային: 

Բացառիկ եւ յանդուգն ԱՆՁ մը՝ Նիկոլ Փաշինեան եւ իր անմիջական գործակիցներ՝ հանդիսացան կերտիչները սոյն տարուան ապրիլեան Թաւշեայ յեղափոխութեան:

Անարիւն յեղափոխութիւն մը՝ ապշեցուցիչ արդիւնաւէտութեամբ:

Մտայղացում, հարիւր հազարաւոր խաղաղ ցուցարարներ, նոր վարչապետ ու կառավարութիւն. Շարժում մը, որ իր աւարտին հասաւ Խորհրդարանական արտահերթ ընտրութեամբ, համապատասխանելով հայրենի ժողովուրդին անհակակշիռ մեծամասնութեան ու քաղաքական կամքին:

Հայրենի ժողովուրդը իր անլուծելի հարցը ինք լուծեց ԱՆՁԱՄԲ:

Ժամանակն է, որ քաղաքական ու բարոյական համակրանքներ ու հակակրանքներ հեռու մնան ատելավառ զգացումներէ եւ ընդհարումներէ, որպէսզի մեր ազատ ու անկախ հայրենիքը կարենայ հասնիլ այնպիսի բարեկեցիկ վիճակի մը, ուր բնակութիւն հաստատելը ըլլայ ցանկալի՝ ամբողջ հայութեան համար:

Հայաստանի պետականաշինութիւնը պիտի կերտուի հանգրուանային իրագործումներով:

Առաջնահերթը՝ ա՛յս էր:

Երկրորդը՝ մեր սահմաններուն ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ:

Երրորդ՝ տնտեսական գոյավիճակի յեղափոխութիւն:

 Չորրորդ՝ հայկական, ազգային ինքնագիտակցութիւնն է:  Պատմական եւ մշակութային հարցերու առարկայական ճշմարտութեամբ:

Առայժմ, աւարտելու համար մեր ամանորեան խոհերը՝

Հայրենիք-Սփիւռք փոխադարձ անշահախնդիր վստահութիւն եւ համագործակցութիւն:

 

Բ.

Ամանորի սեմին՝ մեր խորհրդածութիւնները ընդհանրապէս կ’առաջնորդուին ամենամօտիկ անցեալի առարկայական ճշմարտութիւններէն:

Մեծ է այն ժողովուրդը, որ ունի իր մէջ մեծութիւններ,– խորհող, գրող, բանաստեղծ, իմաստասէր եւ Միտքի առաջնորդներ:

ՀԱՅն ալ ունեցած է եւ ունի իր մեծերն ու մեծութիւնները:

Վահան Թէքէեանի ծննդեան 140-ամեակը մեզի կը յուշէ 2018 թուականին մեր հայրենի ներ-քաղաքական կեանքին հետ առընչուող իրադարձութիւններուն ճշմարիտ գնահատանքը: Անտարակոյս՝ Վ. Թէքէեան մեր քերթողութեան մեծերէն եղած է,– խորհողն ու քերթողը, մարդերգակն ու սիրերգակը, համամարդկային թէ համահայկական զգացումներու եւ իմացապաշտ  մտածողութեանց արտայայտիչն է եղած ան՝ իր գրական յիսնամեայ վաստակով եւ իրագործումներով: Արդարեւ, մեծ է այն բանաստեղծը, որ ո՛չ միայն «իր ժամանակի շունչը կը դառնայ ( Ե. Չարենց)» , այլեւ՝ Տեսանողի իր երկնատուր շնորհով կը դաստիարակէ  իր քերթուածներուն յետագայ ժամանակներու ընթերցողները:

«…Թէքէեանով կը զգաստանանք» գնահատագիրը կու գայ Յակոբ Օշականէն: Արժան եւ իրաւ: 

Ժամանակն է, որ զգաստանանք այլեւս:

Այսօրուան մեր դասապահը կը նուիրենք Թէքէեանի «Աղօթք՝ վաղուան սեմին առջեւ» խորագրեալ քերթուածին, որպէսզի անկէ բխող Աստուածաշնչեան Լոյսն ու Ճշմարտութիւնը զգաստացնէ մեր մարդկային մտածողութիւնը:

Իրօք, Հայրենի հողին վրայ սկիզբ առած «2018-ի Ապրիլեան խաղաղ ցոյցեր»ու ընթացքին, ամէնօրեայ ընթերցումներս կ’ըլլային սոյն քերթուածին մարգարէաշունչ տողերը:  

«Տէ՜ր, բարութի«ւնդ այսօրիմաստութիւնըդ հիմա՛

Պէտք է ղրկես աշխարհի՝ այս հիւլէին տանջակոծ»…

 

ու քերթուածին շարունակութեան մէջ քերթողը կը յորդորէ՝

 

 «Թո՛ղ ընդհարումն ըլլայ կարճ եւ թող շուտով հաստատուի

 Խաղաղութիւնը արդար՝ կռուողներուն մէջ տըխուր…:

 Թո՛ղ սասանին ու փշրին բարձըր բերդերն անառիկ 

 Եւ իյնան վար պատնէշներն զըրահապատ եսութեանց

Ամէն մարդու հաւասար թող բաժնըւի ամէն գանձ.

 Թո՛ղ պարտէզները բացուին եւ թող խուժեն հոն մարդիկ

 Բայց չըկոտրե՜ն ոչ մէկ ծառ, չըճզմեն ո«չ մէկ ծաղիկ…»։

 

Ապրիլ-Մայիսեան արդարամիտ ու խաղաղ ցոյցերը իրենց  աւարտին հասան ընթացիկ տարւոյն Դեկտեմբեր 9-ի օրէնսդիր Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններով: Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքացիները իրենց խիղճին թելադրանքով ազատ եւ անկաշկանդ կատարեցին քաղաքացիական պարտաւորութիւնը եւ իւրաքանչիւր քաղաքական շարժում իր համակիրներէն ստացաւ ըստ արժանւոյն արձանագրուած գնահատանքը:

Այժմ, աւարտած համարելով անցեալի ինքնակամ որոշումներով քառորդ դարեան ժամանակահատուածի «Զրահապատ եսութեանց» ունեցած առանձնաշնորհումները, ազգովին պիտի ողջունենք ամանորեան բարի տրամադրութիւններով Նոր Համակարգ մը:

Հաւատալով , որ այս համակարգը բարերար  ու նոր շրջափուլ մը պիտի յառաջադրէ հայրենի մեր ժողովուրդին ազգային անվտանգութեան, տնտեսական եւ կենցաղային ու մշակութային կեանքին, կը յուսանք  հայրենի նոր պետականութեան ղեկավար դէմքերէն, հեռու մնալ անցեալ համակարգի գործած սխալներէն եւ մնայուն ընթերցողն ըլլալ մեր համազգային արժէքներուն հաղորդ համաժողովրդային իմաստութեան, ներքնազգացողութեան ու վերադաստիարակութեան ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ գործընթացին:

Սփիւռքահայ մեր սերունդն ու յաջորդները, որքա’ն սիրով ու հաւատքով տոգորուած ըլլան հայրենիքէն սփռուած գեղեցիկ խոստումներուն, սակայն նոյնքան տխրութեամբ պիտի արձագանգեն՝ եթէ վերահասու ըլլան զիրենք հիասթափեցնող իրադարձութեանց: Ուրեմն, միանալով Բանաստեղծին բաղձանքին՝ մենք եւս կը կրկնենք,- «Տէ՜ր, մի՛ թողուր որ յանկարծ շրջեն կանթեղը անոնք. ըրէ՜ զայն միշտ լուսարծարծ եւ փնտռել տո՜ւր անով ճշմարտութիւնդ անծիր»:

Մենք հաւատացողն ենք Բան-ա-ստեղծութեան ու Բանի արարումին, Բանականութեան ու Խղճմտանքի հաւաքական ինքնագիտակցութեան:

Այս մտածումներով ու ոգիով կ՚ողջունենք յառաջիկայ ԱՄԱՆՈՐը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին