Երկուշաբթի, 28. 07. 2025

spot_img

«Երբ չի մնում ելք ու ճար…»

 

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Անցնող 2018 թուականը բախտորոշ տարի մը հանդիսացաւ հայութեան համար։ Տակաւին չենք գիտակցիր վերջին քսան եւ աւելի տարիներուն հասցուած նիւթական, բարոյական, հոգեբանական, ռազմական գետնի վրայ, դիւանագիտութեան մէջ եւ տակաւին շատ աւելի պատճառուած վնասին չափին։ Ապտակներու շարան մը, որուն զոհը հայ ժողովուրդն է, իր իսկ աչքին առջեւ, համայն աշխարհի՝ մարդկութեան քիթին տակ։

Հեքիաթային տրամաբանութեամբ, Բարիին յաղթանակը Չարին հանդէպ ուշացաւ, սակայն եւ այնպէս եկաւ. եկաւ դանակը ոսկորին հասնելէն ետք, եկաւ «խենթի» մը կողմէ, որ այլեւս չունէր ելք ու ճար…

Նիկոլ Փաշինեան կոչուող այս երիտասարդ լրագրողը, խմբագիրը եւ Ազգային ժողովի անդամը քսան տարի շարունակ նոյնը կրկնեց մամուլով, բարձրաձայն, բանտախուցէն, իր հիմնած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կոչուող հերթական նորելուկ կուսակցութեան կողմէ, խորհրդարանի ամպիոնէն՝ նախ որպէս ընդդիմադիր, ապա արդէն… յեղափոխական, Թաւշեայ յեղափոխական, որ քալեց, քալեց ու առաջնորդեց ա՛յն, որ հաւանաբար անկանխատեսելի էր… նոյնսիկ իրեն համար։

Ինչո՞ւ… որովհետեւ, մեր փոքրիկ երկրին մէջ, ամէն ինչ բացայայտ էր, անօրինականութիւնը, ԽԾԲ-ն (խնամի, ծանօթ, բարեկամ) գլուխը առած կը սուրար բոլորին, բոլորիս աչքին դիմաց։

Մայր հողին վրայ բնակող հայը երբ չունէր ուրիշ միջոց գոյատեւելու, չէր տեսներ եւ կամ չէր ուզեր տեսնել ժողովրդավարական ամենատարրական կարգ-կանոնի խախտումը ինքզինք ժողովրդավար յորջորջող երեք նախագահներուն ալ տարիներուն եւ բռնեց գաղթի ճամբան։ Գալով մեզի՝ սփիւռքահայութեան, մեղմ էին քննադատութիւնները, աւելի ճիշդ՝ «անհասանելի էին»… թքած ունէին մեր կարծիքին, մեր առողջ քննադատութեան, մեր կարծր քննադատութեան վրայ, շահադէպօրէն օգտագործելով Սփիւռքի միամտութեան հասնող զգացմունքային, ռոմանթիկ հայրենասիրութիւնը։

Եւ երբ չմնաց «ելք ու ճար», Գիւմրիէն ճամբայ ելաւ խորհրդարանական «Ելք» ընդդիմադիր խմբակցութեան ղեկավարներէն Նիկոլ Փաշինեանը… Ան եւ իր շուրջ խմբուած հաւատաւորներ հաւատացի՛ն իրենց կարգախօսին, թէ «Ելք կա՛յ, ելք կա՛յ»… այս բոլոր խայտառակութիւններէն, առաւ-փախաւութիւններէն, անօրինականութիւններէն…

Եւ Ապրիլ ամիսը այս անգամ պտղաւորուեցաւ. սեւ չէր, սուգ չէր, Ապրիլ ամիսը նշանաւորուեցաւ Քայլով, որ իր շուրջ համախմբեց երիտասարդութիւնը, տարեցները, բոլորը։ Մնացեալը պարզ է, տակաւին թարմ է մեր յիշողութիւններուն մէջ։

Մինչեւ այսօր նոյն հարցումը կը չարչրկէ մեր միտքը։ Սերժ Սարգսեան հանդիպելով Նիկոլ Փաշինեանին հետ… ի՞նչ կը մտածէր, որքանո՞վ կը հասկնար իրավիճակին լրջութիւնը, որքանո՞վ ան առաւ ճիշդ քայլը… չէ՞ որ եթէ ուժով հակադարձէր նոր «Մարտի 1»-երու դիմաց պիտի կանգնէինք, նոր զոհերով ու ատելութեամբ, ներքին քաղաքացիական նոր բարդութիւններու դուռ պիտի բանար, ուժի՛ օրէնքով պիտի խօսէր… Արդեօ՞ք Թաւշեայ յեղափոխութեան յաղթանակին մէջ արժէ դրական գնահատական ապահովել նաեւ այդ օրերու երկրին ղեկավարին, որուն մեծ սխալը եղած էր… վարչապետութեան (երկրի ղեկավարի) ձգտիլը շուրջ երեսուն տարի տարբեր պաշտօններ վարելէ ետք…։ Սերժ Սարգսեան պիտի թռչէ՛ր, պէտք էր որ թռչէր շեգեկառքի իր վակոնէն 2018-ին, սակայն գինով էր, հարբած, չէր տեսներ ներկան. իսկ իր խորհրդականները չօգնեցին իրենց թիւ 1-ին, չուղղեցին երկիրը աւելի ապահով, աւելի կայուն ուղղութեամբ… երեւի անոնք նոյնպէս հարբած ու սպառած էին, կուրացած էին…

***

Ո՞ւր կ՚երթանք։

Նոր Հայաստան, նոր մարտահրաւէրներ։

Այս խառնափնթոր նիւթապաշտ աշխարհին մէջ, ուր զէնքի վաճառքը ահի ու դողի մատնած է մեծ ու փոքր պետութիւնները արհեստածին պատերազմներու դուռեր բանալով, ուր գրեթէ ամէն տեղ կայ տնտեսական տագնապ, կրօնական հակադրութիւն, խօսքի ազատութեան տակ թաքնուած՝ բարոյականութեան խախտում, ընկերային ցանցերու տնօրինում, մարդու ռոպոթացում եւ ռոպոթներու մարդացում… հայ մնալու պայքարը, Հայաստանը ապահով պահելու խնդիրը, Արցախը հայ բնակչութեամբ բնակեցնելու ճիգերը, Ջաւախքն ու Ախալքալաքը հայկական պահելը, Սփիւռքի մէջ լեզուի եւ ազգային սովորութիւններու պահպանումը, կը մնան մեր գլխաւոր մարտահրաւէրները։

Ժամանակ, երկար ժամանակ կը պահանջէ Հայաստանի ժողովրդավարացումը։ Դրականը ա՛յն է, որ Ելք կա՛յ, յոյս կա՛յ դէպի լուսաւոր Հայաստան։

Խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները յաղթանակեցին ժողովրդավարութեան առումով։ Այժմ պահը պատասխանատուութեան կը կանչէ բոլորս, որպէսզի ձեռք-ձեռքի լծուինք աշխատանքի։ Ով ինչպէս կրնայ քար մը դնել Նոր Հայաստանի հիմքին, պատերուն եւ յարկերուն վրայ։ Ա՛յս տրամաբանութեամբ շարժինք յառաջ, քա՛ր մը աւելցնելու, պա՛տ մը հիւսելու ժամանակն է այսօր, մէկդի նետելով, արհամարհելով Սփիւռքի ու Հայրենիքի արհեստածին բաժանումները, անպտուղ հակամարտութիւնները, որոնցմով տարիներ շարունակ իրենց անձնական եսասիրական, եսամոլական, ինքնասիրահարուածութեան ախտէն կը տառապին մարդիկ, ըլլան անոնք հո՛ն կամ հո՛ս։

Նոր Հայաստանը դուռ բացաւ նաեւ Նոր Սփիւռքի. «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար… Զանգե՛ր, ղօղանջէ՛ք…»։

***

Ամանորեան զանգե՛ր, ղօղանջէ՛ք, երկա՜ր ղօղանջէք, որովհետեւ ուրիշ ելք՝ չկայ։

Շնորհաւո՛ր Նոր Տարի, ընթերցողներ սիրելի։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին