Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ․ տ․ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, Երեքշաբթի, 25 Դեկտեմբեր 2018-ին Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ ժամերգութեամբ եւ սուրբ պատարագով նշուեցաւ Ս․ Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնը՝ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասին, սարկաւագներուն ու եկեղեցւոյ սպասաւորներուն եւ ներկայութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդին։
Պատարագեց եւ քարոզեց Արժ. տ. Ղեւոնդ քհն. Լոշխաճեան։
Ս․ պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Թեմիս հանգուցեալ սարկաւագներուն համար։
Ապա «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշ, որուն ընթացքին գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան Թեմիս սարկաւագներն ու դպրաց դասերը։
Աւարտին, իր սրտի խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազանը, որ ընդգծեց ծառայութեան հրամայականը եկեղեցւոյ առաքելութեան ծաղկման մէջ։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ