«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Երէկ երեկոյեան Իսրայէլի բանակը յայտարարեց հարաւային սահմանամերձ Այիթա Շաապ աւանէն Իսրայէլ տանող ներքնուղի յայտնաբերելու մասին, որ յարձակումի միտումներով ապօրինաբար փորուած է Հըզպալլայի կողմէ:
Սա կը համարուի հինգերորդ ներքնուղին, զոր վերջերս Իսրայէլը յայտնաբերեց այս ամսուան սկիզբը մեկնարկած այն գործողութենէն ետք, որ միտուած է յայտնաբերելու եւ անցափակելու Հըզպալլայի փորած ներքնուղիները: