«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թրքական հրասայլերը Դեկտեմբեր 25ի երեկոյեան Քիլիս նահանգի հատուածին մէջ հատած են թուրք-սուրիական սահմանը:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնէ թրքական demokrathaber.orgը:
Տեղեկութեան համաձայն՝ թրքական զինուժը կը տեղաշարժի դէպի սուրիական Մանպիճ եւ Թել Ռըֆաթ շրջանները, ուր, թրքական իշխանութեան յայտարարութիւններուն համաձայն, ռազմական նոր գործողութիւններ պիտի իրականացուին քիւրտ զինեալներու դէմ:
Թուրքիոյ իշխանութիւնը յետաձգած էր գործողութիւնները՝ հիմնաւորելով, որ չի ցանկար վնասել այդ տարածքներուն վրայ գտնուող ամերիկացի զինուորներուն: Քանի որ ամերիկեան կողմը յայտարարած է իր զինուորները դուրս բերելու մասին, Թուրքիան պիտի սկսի իր քայլերը: