«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Բրիտանական «Guardian» պարբերականը «2018 թուականը՝ ինքնակալներու տարի» վերնագիրով յօդուած հրապարակած է:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնէ թրքական diken.com.trն:
Պարբերականի կողմէ հրապարակուած յօդուածին մէջ երկիրներու ինքնակալ ղեկավարներու ցանկին մէջ տեղ գտած է նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի անունը:
Յօդուածին մէջ Թուրքիոյ նախագահը բնութագրուած է հետեւեալ ձեւով. «Ուղի հարթեց նախագահական համակարգի հաստատման համար եւ աւելի մեծ ուժ ստացաւ»: