Երկուշաբթի, 28. 07. 2025

spot_img

Տասնեակ Ցուցարարներ Բողոքեցին Լիբանանի Մէջ Տիրող Կենսապայմաններու Վատթարացումին Դէմ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երէկ տասնեակ ցուցարարներ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակէն ուղղուեցան մայրաքաղաքի նաւահանգիստը՝ բողոքելով երկրին մէջ տիրող անտանելի կենսապայմաններուն դէմ եւ միաժամանակ կոչ ուղղելով ընկերային արդարութեան:
Ցուցարարները կոչ ուղղեցին բժշկական ապահովագրութեան եւ նոր կառավարութեան կազմաւորման՝ ի թիւս այլ պահանջներու: Նշենք, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմաւորումը տակաւին կը յամենայ՝ թեւակոխելով փակուղիի եօթներորդ ամիսը՝ զանազան պլոքներու՝ յառաջիկայ կառավարութեան մէջ ներկայացուցչութիւն ձեռք ձգելու յամառ պահանջին պատճառով: Նշենք, որ, ի տես այս վատթար իրավիճակին, փորձագէտներն ու պաշտօնատարները կը զգուշացնեն երկրի տնտեսութեան ճգնաժամի հաւանականութենէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին