Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան պրն. Վահագն Աթաբեկեան Շաբաթ, 22 Դեկտեմբեր 2018-ին այցելեց Ազգային առաջնորդարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին հետ։
Վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ, հաւաքին քննարկուեցան Հայաստանն ու Սփիւռքը յուզող շարք մը մտահոգութիւններ։
Իր ստանձնած նոր պատասխանատուութեան առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց նորանշանակ դեսպանի եւ մաղթեց յարատեւ վերելք եւ նորանոր յաջողութիւններ: Պրն․ Աթաբեկեան իր կարգին պատրաստակամութիւն յայտնեց զարգացնելու դեսպանատուն-առաջնորդարան յարաբերութիւնները։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ