«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի օրէնսդիրներու հետ ամէնշաբաթեայ հանդիպումին նշեց, որ կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին շուրջ բանակցութիւնները չեն շարունակուիր: Այս մասին լրագրողներուն յայտնեց երեսփոխան Ալի Պազի՝ շարք մը երեսփոխաններու եւ խորհրդարանի նախագահին միջեւ հանդիպումէն ետք:
Ըստ Պազիի՝ Պըրրի հաղորդեց օրէնսդիրներուն, որ առկայ է փակուղի քաղաքական կողմերուն միջեւ հաղորդակցութեան գործընթացին մէջ: