Չորեքշաբթի, 04. 06. 2025

spot_img

Գերմանիոյ Խորհրդարանը Թուրքիոյ Ներխուժումը Սուրիա Կը Համարէ Զինագրաւում

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Գերմանիոյ Պունտեսթակի Կանաչներու կուսակցութիւնը զեկոյց կազմած է, ուր Սուրիոյ Աֆրինի, Ազեզի, Էլ Պապի եւ Ճերապլուսի շրջաններուն մէջ թրքական ԶՈՒ իրականացուցած գործողութիւնները եւ անոնց կողմէ այդ տարածքներուն վրայ իրականացուող վերահսկողութիւնը որակուած է որպէս ռազմական գրաւում: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնէ թրքական t24.com.trն:

Կուսակցութեան նախագահ Սելիմ Տաղտելենը Գերմանիոյ իշխանութիւնը քննադատած է Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ ԶՈՒ կողմէ իրականացուող գործողութիւնները չդատապարտելուն եւ անոնց միջազգային իրաւունքի յստակ գնահատական չտալուն համար:

«Իսկական գայթակղութիւն է, որ ՆԱԹՕի դաշնակից Թուրքիոյ ուժերուն կողմէ Սուրիոյ որոշ շրջաններու գրաւումը չի որակուիր որպէս միջազգային իրաւունքի խախտում»,- յայտարարած է Կանաչներու կուսակցութեան նախագահը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին