«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան մասնակցած է Ագարակ քաղաքին մէջ շահագործման յանձնուած բնակելի շէնքի բացման արարողութեան։
Այս մասին դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան: «20 զինծառայող ստացաւ ծառայողական բնակարան։ Կը շնորհաւորենք բոլորը եւ կը մաղթենք, որ բոլոր զինծառայողները ունենան նման հնարաւորութիւն»,- գրած է Յովհաննիսեան։