«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երէկ տասնեակ ցուցարարներ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակէն ուղղուեցան մայրաքաղաքի նաւահանգիստը՝ բողոքելով երկրին մէջ տիրող անտանելի կենսապայմաններուն դէմ եւ միաժամանակ կոչ ուղղելով ընկերային արդարութեան:
Ցուցարարները կոչ ուղղեցին բժշկական ապահովագրութեան եւ նոր կառավարութեան կազմաւորման՝ ի թիւս այլ պահանջներու: Նշենք, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմաւորումը տակաւին կը յամենայ՝ թեւակոխելով փակուղիի եօթներորդ ամիսը՝ զանազան պլոքներու՝ յառաջիկայ կառավարութեան մէջ ներկայացուցչութիւն ձեռք ձգելու յամառ պահանջին պատճառով: Նշենք, որ, ի տես այս վատթար իրավիճակին, փորձագէտներն ու պաշտօնատարները կը զգուշացնեն երկրի տնտեսութեան ճգնաժամի հաւանականութենէն: