Երեքշաբթի, 29. 07. 2025

spot_img

Թրքական Հրասայլերը Անցած Են Սուրիոյ Տարածք

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թրքական հրասայլերը Դեկտեմբեր 25ի երեկոյեան Քիլիս նահանգի հատուածին մէջ հատած են թուրք-սուրիական սահմանը:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնէ թրքական demokrathaber.orgը:

Տեղեկութեան համաձայն՝ թրքական զինուժը կը տեղաշարժի դէպի սուրիական Մանպիճ եւ Թել Ռըֆաթ շրջանները, ուր, թրքական իշխանութեան յայտարարութիւններուն համաձայն, ռազմական նոր գործողութիւններ պիտի իրականացուին քիւրտ զինեալներու դէմ:

Թուրքիոյ իշխանութիւնը յետաձգած էր գործողութիւնները՝ հիմնաւորելով, որ չի ցանկար վնասել այդ տարածքներուն վրայ գտնուող ամերիկացի զինուորներուն: Քանի որ ամերիկեան կողմը յայտարարած է իր զինուորները դուրս բերելու մասին, Թուրքիան պիտի սկսի իր քայլերը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին