«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Մարոնի համայնքի պատրիարք Պշարա Ռաաի իր ամանորեայ ուղերձին մէջ նշեց, որ քաղաքական գործիչները կը փորձեն կեղծ խոչընդոտներ սարքել եւ յետաձգել կառավարութեան կազմաւորումը:
«Ամէն անգամ որ հաւանական երեւի կառավարութեան կազմաւորումը, քաղաքական գործիչները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն կեղծ խոչընդոտներ սարքելու՝ զայն հնարաւորինս յետաձգելու համար՝ առանց մտածելու տնտեսական հետեւանքները, որոնց թիրախը կը հանդիսանան երկիրը եւ ժողովուրդը»,- ըսաւ Ռաաի: