«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի «Ալ Ախպար» տեղական օրաթերթին հետ զրոյցի ժամանակ նշեց, որ ոմանք դէմ են կառավարութեան կազմաւորման, ինչը ամենայն հաւանականութեամբ կը վերաբերէր արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլին:
«Ինչ որ տեղի ունեցաւ, հաստատել կու տայ, որ որոշ կողմեր դէմ են առհասարակ կառավարութեան կազմաւորման»,- ըսաւ Պըրրի: