Չորեքշաբթի, 30. 07. 2025

spot_img

«Սփիւռքի Նախարարութիւնը Ստեղծուած Է Սփիւռքահայերու Պահանջով Ու Իրենց Համար»

«Զարթօնք» Հայրենիքի Մէջ – 19 –

Հարցազրոյց ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Մերձաւոր Եւ Միջին Արեւելքի Հայ Համայնքներու Վարչութեան Պետ Լեւոն Անտոնեանի Հետ

Զրուցեց՝ ՔՐԻՍԹԻՆԱ  ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

«Կառավարութեան կառուցուածքի ու գործունէութեան մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին նախագիծին համաձայն՝ կը նախատեսուի մշակոյթի եւ Սփիւռքի նախարարութիւնները ուրիշ երեք նախարարութիւններու շարքին լուծարել եւ դարձնել համապատասխան՝ կրթութեան եւ գիտութեան ու արտաքին գործոց նախարարութեան կազմին մէջ վարչութիւններ։ Աւելի խնդրայարոյց է Սփիւռքի նախարարութեան լուծարումը, քանի որ որոշումը կայացնելէ առաջ որեւէ քննարկում տեղի չէ ունեցած, Սփիւռքի ոչ մէկ կառոյցի ներկայացուցիչի կարծիքը հաշուի առնուած է։ Օրեր առաջ ալ նախարարութիւններու աշխատակիցներ բողոքի ցոյց իրականացուցին կառավարութեան մօտ ու նամակ յանձնեցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, որուն մասին ատենին անդրադարձանք։

Այս առնչութեամբ զրուցեցինք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեանի հետ։

Պարոն Անտոնեան, Ձեր կարծիքը, ի հարկէ, յայտնի է այս հարցի կապակցութեամբ, կ»ուզեմ գիտնալ՝ ի՞նչ փոխուած է այս օրերուն ընթացքին, նախարարութիւնը կ»աշխատի՞, թէ գործադուլ կ»իրականացնէ:

– Մենք աշխատանքային ռեժիմի մէջ ենք, ամբողջ օրը աշխատած ենք։ Թէ՛ սուրիահայերու, թէ՛ հայրենադարձներու կողմէ այցելութիւններ եղած են։ Միաժամանակ կը փորձենք հասկնալ՝ Սփիւռքի տարբեր համայնքներու կողմէ ի՛նչ արձագանգներ կան, իսկ անոնք շատ են։ Մենք աշխատանքի եկած ենք, կ’աշխատինք, որովհետեւ մենք գործադուլի խնդիր չունինք, որովհետեւ գործադուլ կրնան ընել այն հիմնարկները, ուր փոփոխութիւններ կ’իրականացուին: Գործադուլը ամենափափուկ միջոցը կրնար ըլլալ։ Մեր խնդիրը նաեւ Սփիւռքի ձայնը հասցնելն է։ Այս օրերու ընթացքին մեծ թիւով սփիւռքահայեր, կառոյցներ անձամբ պարոն Փաշինեանին կը դիմեն։ Մենք ամբողջը կը հաւաքագրենք ու կ’ակնկալենք, որ աւելի մեծ աշխուժութիւն ըլլայ։ Անոնց որոշումէն կախուած է մեր ճակատագիրը։ Նոյնիսկ այս օրերուն ընթացքին, մեզի կը դիմեն քաղաքացիներ տարբեր խնդիրներով, սուրիահայերը՝ իրենց հիմնախնդիրներով։ Ես չեմ կրնար պատկերացնել, որ վաղը, միւս օրը, եթէ այդ մարդիկը գան, որո՞ւ պիտի դիմեն, ո՞վ պիտի ըլլայ այն կառոյցը, որ պիտի զբաղի իրենց հիմնախնդիրներով։

Նորէն բողոքի ցոյց կը պատրաստուի՞ք ընելու։

-Մենք քանի որ Ուրբաթ օրը կառավարութեան յանձնեցինք մեր նամակը, նախ եւ առաջ, կը սպասենք այդ նամակի պատասխանին։ Կ’ակնկալենք, որ կ’ըլլայ սփիւռքահայերու եւ սուրիահայերու ցոյց, ինչը կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ։ Այս նախարարութիւնը ստեղծուած է սփիւռքահայերու պահանջով ու իրենց համար։ Թէեւ կը շրջանառուի, որ մենք հարկատուներու գումարներով աշխատավարձ կը ստանանք, բայց ես պէտք է հաստատեմ, որ այդ շահառուները հայաստանցիները չեն, այլ սփիւռքահայերը։ Շատերը չեն գիտնար, որ սփիւռքահայերու հետ մեր աշխատանքի շնորհիւ է, որ Հայաստանի մէջ շատ բարեփոխումներ տեղի կ’ունենան, տարբեր ոլորտներու մէջ բաւական լուրջ ներդրումներ կը կատարուին։

Նախագիծը ստեղծելու ատեն չէ քննարկուած  սփիւռքահայերու, հայրենադարձներու հետ։ Սա նոյնպէս խնդրայարոյց է։ Ի՞նչ կ’ըսէք այդ առումով։

-Այո, չէ քննարկուած Սփիւռքի հետ։ Նման կառուցուածքային փոփոխութիւն ընելէ առաջ պէտք էր երկխօսութիւն իրականացնել ու Սփիւռքի կարծիքը հարցնել։ Նախորդ 10 տարիներուն, նախարարութիւնը որեւէ ազդակներ չէ ստացած ու խնդիրներ չէ ունեցած սփիւռքի մեր տարբեր կառոյցներուն հետ։ Մենք մէկ պատուհանի սկզբունքով գործող կառոյց ենք, ու մեր միջոցով անոնք յաջողած են կապ հաստատել միւս գերատեսչութիւններուն հետ։ Խնդիրը այն է, որ առհասարակ մեր ոլորտային աշխատանքներու ուսումնասիրութեան պակաս կայ, որովհետեւ կ’ենթադրեմ, որ այս կարճ ժամանակին նոր կառավարութիւնը չէր կրնար խորքային հասկնալ նախարարութեան գործառոյթները։ Կայ տեղեկացուածութեան պակաս նախարարութեան աշխատանքի առումով ու այն փորձառութեան  ու պաշարներու, զորս մենք ունինք։ Նախ յաջողած ենք այս ընթացքին մեր բոլոր համայնքներուն հետ կապ հաստատել, տեղեկատուական կայան, ցանց ստեղծել, աշխարհի բոլոր կառոյցներուն հետ աշխատիլ։ Նախորդ տարիներէն Սփիւռքի նախարարութիւնը ստանձնած է հայապահպանութեան հիմնախնդիրներու կարգաւորման ուղղուած աշխատանքներու իրականացումը, արտակարգ իրավիճակներու մէջ յայտնուած մեր հայրենակիցներու հետ աշխատանքները եւ այլն։ Կատարուած է մեծ ծաւալի աշխատանք, որ չէ ուսումնասիրուած։ Նշեմ, որ մեր պիւտճէն բաւականին փոքր է՝ տարեկան 2 մլն տոլար, որուն ծիրին մէջ կը մտնէ ոչ միայն ծրագիրներու իրականացումը, այլեւ աշխատավարձերը։ 90 հոգինոց աշխատուժով, եթէ կարողացած ենք մեծ կապեր ստեղծել, վստահութիւն ձեւաւորել ու աշխատիլ 7-10 մլն սփիւռքի հետ, ապա պէտք է համեմատութիւն մը ընել միւս նախարարութիւններուն հետ ու հասկնալ, որ իրենք աւելի մեծ պիւտճէով կարողացա՞ծ են մեր համաքաղաքացիներուն կեանքը աւելի լաւը դարձնել թէ ոչ։ Պէտք է հարցին նայիլ Սփիւռքի մէջ ապրողներու աչքով, անոնց կարծիքը աւելի կարեւոր է։ Ես ձեզ կը վստահեցնեմ, որ մենք կը պայքարինք նախ եւ առաջ հիմնարկը պահպանելու համար՝ ոչ թէ ուղղակի մեր աշխատանքը կորսնցնելու պատճառով։ Մեր հարեւան պետութիւնները կը փորձեն Սփիւռքի նախարարութիւն ստեղծել, Իսրայէլը ունի Սփիւռքի երկու նախարարութիւն, մէկ գործակալութիւն ու կը փորձէ աւելի ընդլայնել այդ գործառոյթները։ Ըստ էութեան, մենք ալ կը մտածէինք, որ յեղափոխութենէն ետք, հաշուի առնելով դրական միտումը, որ եղաւ հայրենադարձութեան հետ կապուած՝ դրական կ’ըլլայ, բայց հակառակը եղաւ. մենք կը դառնանք արտագաղթեալներու նախարարութիւն։ Զերոյէն բան մը ստեղծելը աւելի բարդ պիտի ըլլայ, եւ մենք ժամանակ պիտի կորսնցնենք անոր վրայ։

Ինչո՞վ պակաս են Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները միւս նախարարութիւններու աշխատակցիներէն: Որո՞նք եղած են սխալները։

– Ես իմ եւ վարչութեանս աշխատակիցներուն օրինակով կրնամ ըսել, որ իւրաքանչիւր աշխատակից պէտք է հասկնայ իր մեղաւորութիւնը, որմէ ինքը պակաս է մէկ այլ գերատեսչութեան աշխատակիցէ, որը եղած է չափանիշը, ինչի հիման վրայ իր աշխատանքը թերի համարուած է: Մեզ կը համեմատեն սուրճ խմող մարդոց հետ, ինչը ճիշդ չէ։ Ինչո՞ւ կը պիտակաւորուի։ Այստեղ մարդիկ կ’աշխատին, որոնք պետական մտածողութիւն ունին, կուսակցական պատկանելութիւն շատերը չեն ունեցած յեղափոխութենէն առաջ ալ, յետոյ ալ։ Աւելի ճիշդ կ’ըլլար քննարկումներ տեղի ունենային ու որոշուէր՝ ի՞նչ ընել, որ աշխատանքը աւելի արդիւնաւէտ ըլլայ։ Մենք երիտասարդ ենք, կը մտածենք, որ մեր ճամբան դեռ առջեւն է, բայց կան կազմեր, որոնք բաւական մեծ ներդրում ունին ու տարիքով են։ Անոնց մասին ալ պէտք է մտածել։ Ափսոս, հիմնարկը իրապէս հսկայական աշխատանք տարած էր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին