Երեքշաբթի, 29. 07. 2025

spot_img

Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Առաջին Անգամ Ռոպոթը Պաշտօնապէս Տեղաւորուած Է Աշխատանքի. «Al Sabq»

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Սէուտական Արաբիոյ մէջ յայտնուած է առաջին պետական ծառայող-ռոպոթը: Ինչպէս յայտնած է «Al Sabq» թերթը, «Թեքնիկ» անունով աշխատակիցը ծառայողական վկայական ստացած է անձամբ Թագաւորութեան կրթութեան նախարար Ահմեթ պըն Մուհամետ ալ Իսայէն, որուն ղեկավարութեամբ ան պիտի աշխատի, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը:

«Պարոն նախարար, շնորհակալ եմ ցուցաբերուած պատիւի համար, կը խոստանամ ըլլալ օրինակելի աշխատակից»,- ըսած է ռոպոթը՝ արաբերէնով դիմելով նախարարին եւ ներկաներուն: Ինչպէս նշած է գերատեսչութեան ղեկավարը, ռոպոթը հաւաքուած ու ծրագրաւորուած է սէուտցի մասնագէտներու կողմէ: «Թեքնիկ»ը հրահանգիչի պաշտօն ստացած է Սէուտական Արաբիոյ կրթութեան նախարարութեան առընթեր գիտարուեստական ու մասնագիտական ուսուցման գլխաւոր գերատեսչութեան մէջ: Մօտ ժամանակներս ան իր պաշտօնէական պարտականութիւններու կատարման ձեռնամուխ կ’ըլլայ մշակութային ժառանգութեան փառատօնին, ուր նաեւ ներկայացուած է ռոպոթա-գիտարուեստական ու կառավարման արուեստի, ինչպէս նաեւ Թագաւորութեան մէջ անոնց զարգացման նուիրուած տաղաւարը:

Անտրոիտը պիտի շփուի այցելուներուն հետ, անոնց անհրաժեշտ տեղեկութիւն պիտի տրամադրէ փառատօնի եւ արաբական միապետութեան վերաբերեալ: Նորագոյն արհեստագիտութիւններու, մասնաւորապէս, ռոպոթներու ներդրումը «Տեսլական-2030» ռազմավարական ծրագիրի հիմքերէն մէկն է, որ ներկայիս կ’իրագործուի Սէուտական Արաբիոյ մէջ: Թագաւորութիւնը դարձած է աշխարհի առաջին պետութիւնը, որ հպատակութիւն տրամադրած է «Սոֆիա» անունով ռոպոթին: Յուլիսի կէսին արաբական միապետութեան մէջ գործարկուած է առաջին ռոպոթացուած դեղատունը, ներկայացուած են ուսուցանող ռոպոթներու հայրենական մշակումները: Անցած տարուան Սեպտեմբերին Սէուտական Արաբիոյ Հանրային ներդրումային հիմնադրամը եւ «Softbank» ճափոնական հեռահաղորդակցական  միաւորումը յայտարարած են ռոպոթա-գիտարուեստական զարգացման համաշխարհային նախագիծ գործարկելու եւ այդտեղ յառաջիկայ հինգ տարուան ընթացքին առնուազն 45 միլիառ տոլար ներդնելու ծրագիրներու մասին, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին