«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Դեկտեմբեր 27ին աշխատանքային այցով կը մեկնի Ռուսիոյ Դաշնութիւն, Մոսկուայ, ուր նախատեսուած է իր հանդիպումը ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ պիտի քննարկուին երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերով գործակցութեան վերաբերող օրակարգային հարցեր: